Ատրպէյճանի ուժանիւթի հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Իլհամ Շապան յայտարարած է, որ եթէ քարիւղի համաշխարհային գիները իջնեն մինչեւ 60-70 տոլարի սահմանը, ապա Ատրպէյճանի պետական քարիւղի հիմնադրամը միայն երեք տարիէն կրնայ ամբողջութեամբ սնանկանալ:

Ատրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը նախատեսէ 24 Ապրիլին Հայաստան այցելել:

Ատրպէյճանի Իսմայիլի շրջանին մէջ սկսած ժողովրդական ապստամբութեան պատճառով, իշխանութիւնները արտակարգ դրութեան տակ դրած են շրջակայ Կէօքճայ, Ախսու եւ Շամախը շրջանները: 

Պոլսոյ հայաշատ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայերու վրայ կատարուած յարձակումներուն դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու համար թուրքերը երէկ ցոյց մը կազմակերպած են:

Պոլսոյ հայ համայնքը անհանգստացած է.
լարուածութիւնը կը սրի

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Էվրենսել» թերթը Չորեքշաբթի, Յունուար 24ին լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած է մէկ օր առաջ Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցած Սուլթան Այքար անունով հայուհիին վրայ պատահած յարձակումին: