ՆԱԹՕի կողմէ Թուրքիոյ ուղարկուած Patriot հրթիռներու առաջին մասի տեղադրումը կը նախատեսուի այս շաբաթավերջին կատարել:
Լուրը կը հաղորդէ յունական in.gr կայքէջը, յղում կատարելով բրիտանացի զինուորական Կարի Տիքի խօսքերուն, Պրիւքսելի ՆԱԹՕի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին. «Սուրիոյ կողմէ հաւանական յարձակում մը կասեցնելու եւ տեղացի բնակչութիւնը պաշտպանելու համար պատրաստ պիտի ըլլան հրթիռները» ըսած է ան, աւելցնելով թէ ՆԱԹՕի հսկողութեան տակ պիտի ըլլայ հրթիռներու ղեկավարումը: