Աշխարհի ամենամեծ քանակութեամբ զէնք գնող երկիրներու ցանկին մէջ Ատրպէյճան 18րդն է
Անցեալ տարուան ընթացքին աշխարհի մէջ ամենամեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամըթերք գնող երկիրներու ցանկին վրայ Ատրպէյճանը գրաւեց 18րդ դիրքը.
Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին այս մասին հաղորդեց Զէնքի առեւտուրի վերլուծութեան միջազգային կեդրոնը (SAMTO):
Ըստ կեդրոնի պատրաստած տարեկան վիճակագրութեան՝ 2012ին Ատրպէյճան 804 միլիոն տոլարի զէնք գնած է:
Անցեալ տարուան ընթացքին ամենաշատ սպառազինութիւն գնողը Հնդկաստանը եղած է՝ 13.2 միլիառ տոլար ծախսելով: Անոր յաջորդած են Իրանը, Օմանը, Աւստրալիան, Սէուտական Արաբիան, Թայուանը, Ալճերիան, Չինաստանը, Իսրայէլը եւ Ինտոնեզիան: