«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարտին նահանգէն ընտրուած անկախ երեսփոխան, Թուրքիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ քիւրտ անդամ Ահմեթ Թուրք յայտարարած է, որ 1915-ին քիւրտ ժողովուրդն ալ հայերուն դէմ դաժան վարուած է, որուն համար ինք ներում կը հայցէ:

Վերջին երկու ամիսներուն, Սամաթիոյ մէջ տարեց հայ կիներու վրայ կատարուած յարձակումները կը շարունակեն մնալ հասարակութեան ուշադրութեան առանցքը, եւ զանազան կազմակերպութիւններ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ու կը դատապարտեն այդ յարձակումները։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արազ Ազիմով երէկ անդրադարձած է Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման վերաբերող լուրերուն եւ յայտնած, թէ իրենք պիտի չարտօնեն, որ «Ատրպէյճանի օդային տարածքին մէջ ապօրինի թռիչքներ կատարուին»:

Նկատի ունենալով առանձին ապրող տարեց հայուհիներուն եւ անոնց հարազատներուն մտահոգութիւնը՝ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ընդունած է որոշում մը:

Հետզհետէ կÿաճի Յունաստանի արտահանման տարբեր մարզերու հետաքրքրութիւնը դէպի ատրպէյճանական շուկայ: