Թուրքիայի Ն’շեհիր շրջանի Դերինքույու գաւառէն ներս  գտնուող յունական Այիոս Թեոտորոս Տրիոն եկեղեցին Թուրքիոյ  մշակոյթի  եւ  զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ յանձնուած  է Դերինքույուի նահանգապետարանին: 

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը`  վկայակոչելով հայկական «Ակօս» պարբերականը, այս մասին յայտնած է Դերինքույուի նահանգապետ Ջան Քութլուջան: 19-րդ դարու կիսուն կառուցուած եւ  նախապէս Թուրքիոյ մշակոյթի եւ  զբօսաշրջութեան նախարարութեան  պատկանող եկեղեցին զբօսաշրջիկներու համար կը բացուէր միայն նախարարութեան յատուկ թոյլտուութեամբ: Այն կը համարուի  Կապադովկիայի ամենամեծ եկեղեցին: Տարուայ ընթացքին մի քանի անգամ թոյլատրուած էր  եկեղեցական արարողութիւններ կատարել: