Հետզհետէ կÿաճի Յունաստանի արտահանման տարբեր մարզերու հետաքրքրութիւնը դէպի ատրպէյճանական շուկայ:

Վառ ապացոյցն է գործարար եւ ներդրումային առաքելութեան մը գործուղղումը Պաքու, որ այս օրերուս Ատըրպէյճան կ'այցելէ, մի քանի օրուայ ընթացքին անհատական հանդիպումներ իրագործելու նպատակով:

Տուեալ ծրագիրը մշակուած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պաքուի մէջ յունական դեսպանութեան աջակցութեամբ:

Յոյն եւ ազերիական գործարար շրջանակները մօտեցընելու նպատակով մշակուած այս ծրագիրը, կÿուզէ օգտագործել Պաքուի մէջ 2015ին կայանալիք Եւրոպական Ողիմպիական խաղերը, ուր պիտի հիւրասիրուին 7000 մարզիկներ եւ հազարաւոր այցելուներ: Այսպէս ան-հրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի մարզական համալիրներու կառուցման, շէնքերու եւ հիւրանոցներու ենթակառուցուածքներու մեծածաւալ ներդրումներու, որը -ինչպէս յայտնի է- որպէս առանձնայատուկ մարտահրաւէր ընկալուած է յունական գործարար շրջանակներուն կողմէ, որ կը ձգտին ու կÿաճապարեն մուտք գործել տուեալ շուկայէն ներս...