Վերջին երկու ամիսներուն, Սամաթիոյ մէջ տարեց հայ կիներու վրայ կատարուած յարձակումները կը շարունակեն մնալ հասարակութեան ուշադրութեան առանցքը, եւ զանազան կազմակերպութիւններ իրենց ձայնը կը բարձրացնեն ու կը դատապարտեն այդ յարձակումները։

Բողոքի ցոյց մը եւս կազմակերպուեցաւ Պոլսոյ Կնոջական շարժումի «Ֆեմինիսթական» խմբաւորման նախաձեռնութեամբ։ Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ, սպաննուած Մարիձա Քիւչիւքի տան մօտ։ Մօտաւորապէս 200 ցուցարարներ սեւ հագուստներ հագած՝ կը կրէին «Հայ կիները միայնակ չեն», «Ես Եւա եմ», «Ես Մարիձա եմ», «Իմ դրացիիս մի՛ դպչիր», «Ատելութեան յանցանքի օրէնք մը ընդունիլ» եւ նոյնանման վերտառութիւններ։ Հայերէնով ու թրքերէնով կարդացուեցան մամլոյ հաղորդագրութիւններ ու նշուեցաւ, թէ տարեց հայ կիներու վրայ գործուած յարձակումները պատահական յարձակումներ չեն, այլ՝ հետեւողական դէպքեր։ Յայտարարութեան մէջ քննադատութիւններ կային իրաւապահներու հասցէին. նշուեցաւ, որ յարձակումները գողութեան նպատակ չէին հետապնդեր, այլ կատարուած էին ազգային ենթահողի վրայ։ Դիտել տրուեցաւ նաեւ, որ իրաւապահները տակաւին յստակ որեւէ պարզաբանում չեն տուած յարձակումներուն վերաբերեալ։