ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի, Կիրակի, Ապրիլ 7էն՝ մերձաւոր արեւելեան բաւական լայնածիր շրջապտոյտի մը ձեռնարկած է:
Նախապէս, Պոլսոյ մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպումին, ան Իսրայէլը եւ Թուրքիան աւելի արագ շարժելու հրաւիրած է իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հոլովոյթին մէջ, քանի որ Անգարա կարեւոր դեր ունի կատարելիք Իսրայէլ-Պաղեստին խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Այս յայտարարութիւնը անմիջական հակազդեցութեան արժանացած է Իսրայէլի կողմէ, որ յայտարարած է, թէ ինք նման միջնորդութիւն չընդունիր:
Քերրի Անգարայի մէջ տեսակցած է իր թուրք պաշտօնակից Տաւութօղլուի հետ: Անոնց հանդիպումէն վերջ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին, վերջինս յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին: Աւելցուցած է, թէ Քերրիի հետ շօշափած են Կովկասի մէջ հաւասարակշռութեան վերաբերող հարցեր:
Տաւութօղլուի համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Մինսքի խումբը պէտք է զարկ տայ իր ջանքերուն: