ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐՄԱՏՆԵՐ»Ը ԿԸ  ՆՇՈՒԻՆ ԱՌԱՆՑ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ  ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄԻՆ, ՈՉ  ԱԼ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Անցեալ շաբաթավերջին ԻՒՆԷՍՔՈ-յի փարիզեան կեդրոնին մէջ տեղի  ունեցաւ մշակութային յատուկ երեկոյթ մը՝ «Հասարակաց արմատները որոնք կը միացնեն մեր մշակոյթները» խորագրին տակ:

Անիի մէջ հայկական սուրբ մասունքները զոհը կ'երթան
Թուրքիոյ «ուսումնասիրուած» քաղաքականութեան...

Ծրագրին մօտէն ծանօթանալով՝ անմիջապէս կը պարզուի, որ իրականութեան մէջ ընդամէնը թրքական քարոզչական ժապաւէն մը ցուցադրելու պատրուակ մըն է ձեռնարկը: Թրքական պետական հեռատեսիլին՝ TRT-ի կողմէ նկարահանուած այդ ժապաւէնը կը կոչուի «Դէպի Արեւմուտք հոսող գետը», ուր դրուատիքը կը կատարուի Թուրքիոյ՝ որպէս մարդկութեան բազմահազարամեայ օրրան, այդ երկիրը կը մեծարուի որպէս «կամուրջ քաղաքակրթութիւններու միջեւ», բայց խօսքն իսկ չըլլար այդ քաղաքակրթութիւններէն հայկականին, յունականին, ասորական-քաղդէականին, որոնց մաքրագործումով ու թափած արիւնին վրայ հիմնուած է ներկայ Թուրքիան: Ոչ ալ անոնցմէ որեւէ մէկուն ներկայացուցիչը հրաւիրուած է ձեռնարկին: ԻՒՆԷՍՔՈ-յի տնօրէնուհի՝ Իրինիա Պոքովայի հիւրն էր Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլէնթ Արընչ, որ առիթը լաւագոյնս օգտագործեց Թուրքիոյ խեղաթիւրած պատմութիւնը ներկայացնելու: