Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ ատրպէյճանցիներու եւ թուրքերու միջեւ ծեծկռտուքի հետեւանքով չորս մարդ մարմնական վնասուածքներով հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ։

Ռուսաստանեան «Նովոստի» լրատուական գործակալութեան յայտնած են Մոսկուայի ոստիկանութեան կողմէ, որ երէկ տեղի ունեցած ընդհարման ընթացքին, երկու կողմերէն մասնակցած է շուրջ տաս հոգի, իսկ ծեծկռտուքի ժամանակ զէնք գործածուած է։

Պատճառները դեռ յայտնի չեն դարձած։