ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ ՈՐ ՀԻՆԷՆ Ի ՎԵՐ ԿԸ ՏԱՆՋԷ ՇԱՏԵՐՈՒ ՄԻՏՔԸ

Նոր չէ որ կ'ուղղուի այս հարցումը. հինէն ի վեր մենք մեզի եւ մենք իրարու հարցուցած ենք թէ իսկապէս ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վրայ մնացած հայկական յուշարձաններուն:

Հարցումը միշտ նոյնը եղած է, բայց պատասխանը միշտ ալ փոխուած է ժամանակի զարգացումներուն հետ զուգահեռ կերպով: Երբեմն տեսած ենք, որ հարցումին պատասխանը յուսահատական է, թէ բոլոր յուշարձանները մէկ առ մէկ կը քանդուին եւ անոնց տեղ նոր շէնքեր կը կառուցուին, պատմութիւնը կը թաղուի նոր շէնքերու փառքին տակ, երբեմն ալ, ընդհակառակը, յուսադրուած ենք, տեսնելով որ հիմա նոր շարժում մը սկսած է, ոմանք սկսած են անդրադառնալ հայկական պատմական յուշարձաններու արժէքին, որոշած են զանոնք փրկել ու վերանորոգել, զանոնք բանալ զբօսաշրջութեան:

Այսօր իսկ կացութիւնը մէկուն եւ միւսին խառնուրդն է, Թուրքիոյ որոշ տարածքներուն վրայ այսօր քանի մը հայկական հին եկեղեցիներ կը վերանորոգուին մինչ անդին բազմաթիւ հայկական յուշարձաններ կը քանդուին: Եթէ Աղթամարի նորոգութիւնը բարի ներշնչում եղաւ ոմանք, հոս-հոն քանդուած ուրիշ յուշարձաններ ալ գրգռեցին պատմութիւնը թաղել ու անոր տեղ նոր պատմութիւն հռչակել ուզողներու ախորժակը:

Տակաւին երկու օր առաջ յայտնի մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու կոչ ըրաւ որպէսզի վերջ տրուի Մուշի մէջ հին հայկական տուները փլցնելու նոր գործընթացին: Արդարեւ Մշոյ քաղաքապետը, որ Ա-Գէ-ՓԷ-ցի է, կը փլցնէ եղեր Մշոյ հին հայկական տուները որպէսզի անոնց տեղ կառուցանէ ԹՕՔԻի շէնքեր: Զարաքօլու զգուշութեան կը հրաւիրէ տեղացի ժողովուրդը, անոնց ըսելով. «Այսօր հայկական տուները եթէ քանդուին, վաղն ալ քիւրտերու տուները պիտի քանդուին«:

Կրնանք հարցնել: Այսպիսի քանդումի քաղաքականութիւն մը որքա՞ն հեշտ է Աղթամարը նորոգութեան ենթարկող, անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնող կառավարութեան մը քաղաքականութեան:

Ուրեմն, կրկնենք, հարցումը նոյնն է: Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ հայկական պատմական այն յուշարձաններուն, որոնք հազարաւորներու մէջէն տակաւին կրցեր են մնալ, հոգ չէ թէ կիսաւեր վիճակով: Ներսէն բարեացակամ մարդիկ կը պահանջեն որ պահպանուին այդ հնութիւնները: Դուրսէն ալ հայ կամ օտար մտաւորականներ Թուրքիոյ կը յիշեցնեն թէ պէ՛տք է պահպանուին այդ հնութիւնները: Ոմանք կակուղ ոճով կը թելադրեն, ուրիշներ խիստ կը խօսին: Այս կարգէն, երկու օր առաջ նմանօրինակ խիստ ազդարարութիւն ուղղեց Հայաստանցի մտաւորական Ռուբէն Սաֆրաստեան, (որուն հարցազրոյցը թարգմանաբար լոյս տեսած է թերթին մէջ):

Մաղթենք որ Թուրքիոյ մէջ աւելի մեծ թիւով մարդիկ անդրադառնան թէ պատմական հնութիւնները գանձեր են ամէն երկրի համար եւ անոնք պէտք է պահպանուին ամէն գնով:

 

ՄԱՐՄԱՐԱ