Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Մամետկուլիեւ այս շաբաթ Հայաստան պիտի այցելէ:
Ըստ Ապտուլլայեւի, այցելութեան նպատակը մասնակցութիւնն է 12-13 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական նիստին:
Նիստին պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆուատ Իսքենտերով:
Նախորդ շաբաթավերջին Մահմուտ Մամետկուլիեւ յայտնած էր, որ Ատըրպէյճանի մասնակցութիւնը երեւանեան նիստին կարելի է՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ատիկա Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ վերջին հանդիպումն է Նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովէն առաջ:
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխ նախարարը Պիտի Այցելէ Հայաստան
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան