• Արփա գետին վրայ ժայռեր կախուած են: Բնութիւնը իր կախարդական ձեռքով այստեղ կերտած է ե՛ւ հրաշք-ամբրոցներ, ե՛ւ բարձր կամարներ, ե՛ւ վիթխարի գազաններու դիմաստուերներ: Առաջին անգամ Ջերմուկ գացող անփորձ մարդը բնականաբար կը հարցնէ թէ ո՞ր դարուն շինուած է այս աշտարակը: Բնականաբար ոչ ոք կրնայ ըսել: Այդպէս կեցած է «աշխարհի առաջին օրէն»: Արփայի սառնորակ ալիքները քարէ-քար կը թռչին: Այդ ալիքները ամառը կիրճը կը լեցնեն զովութեամբ: Կը փրփրի Արփան, բայց ահա, գետը ազատելով լեռներու սեղմումններէն, ազատ շունչ կը քաշէ եւ հանգիստ կը հոսի կանաչ մարգագետին: Իսկ ափին Կեչուտ գիւղին տնակները կարծես իմացած են, որ մարդիկ պիտի փոխեն գետին ուղղութիւնը: Արդարեւ, գետին մօտ պիտի շինուի ամբարտակ մը եւ պիտի ծփայ արհեստական լիճը՝ ջրամբարը: Այս տեղէն Արփայի ջուրերը գտենուղիով պիտի հոսին դէպի Սեւան, որպէսզի մասամբ փոխարինուի ոռոգման եւ ելեկտրականութեան համար գործածուած ջուրը:

 

  • Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ փայլուն եւ խանդավառիչ ելոյթներ ունենալէ ետք, Հայաստանի պետական պարախումբը անցած է Եգիպտոս, ուր եւս արձանագրած է մեծ յաջողութիւն եւ մանաւորաբար հայ համայնքին մէջ ստեղծած խանդավառ մթնոլորտ: Պարախումբը այցելած է Ազգային Առաջնորդարան, ուր սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթած է հիւրերուն եւ թելադրած՝ որ յաճախ նման այցելութիւններ տան գաղութներուն: Պարախումբին կողմէ պրն. Բադալեան ներկայացուցած է անդամները եւ ապա՝  շնորհակալութիւն յայտնած է եղած ընդունելութեան համար: Ըսած է թէ «որոշուած է եւ շուտով պիտի սկսի ներգաղթը: Ձեզի կը սպասենք մայր հայրենիքի մէջ: Երբ հայրենիք վերադառնաք՝ մինչեւ Պաթում ձեզ դիմաւորելու պիտի գանք եւ ձեզ տուն պիտի տանինքն երգ ու պարով»: