• Առաջնորդարանիս եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան  կողմէ՝ մեծ մարդասէր եւ հայասէր նորվեկիացի Ֆր. Նանսէնի ծննդեան հարիւրամեակի յիշատակի հանդիսութեանց առթիւ, ուղարկուած հեռագրին ի պատասխան ստացւեցան շնորհակալական գրութիւններ Նորվեկիոյ դեսպանատունէն եւ Նորվեկիական գաղթականական խորհուրդին կողմէ:



  • Կիրակի օր, Գոքինիոյ «Զաւարեան» թատերասիրացը մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց ֆրանսական կեանքէ առնուած 3 արարնոց Տիւրան Տիւրան կատակերգութիւնը: Ժամանակէն առաջ «Զաւարեան» սրահը լեցւած էր բերնէ-բերան: Ներկայացումը իր ամբողջութեան մէջ սպասուածէն աւելի յաջող անցաւ: Դերակատարներն էին.- Յարութիւն Սարաճեան, Մանուշակ Սլտրեան, Կարօ Մարկոսեան, Գրիգոր Գրիգորեան, Սոնա Թերզեան, Սիրվարդ Արշակունի, Մատթէոս Աջապահեան, Լուսի Յովակիմեան, Պաղտիկ Սլտրեան, Նազիկ Արապեան, Ալիս Գոճայեան, Ստեփան Պալեան: Բոլոր դերակատարները լիուլի կատարեցին իրենց դերերը, եւ արժանացան երկարատեւ ծափերու:

 

  • Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 58-րդ տարեդարձին տօնակատարութեան առթիւ, կատարուեցաւ ս. պատարագ, մատաղօրհնութիւն եւ մատաղաբաշխում: Մատաղի նուիրահաւաքման համար կազմուած են յատուկ յանձնախումբեր, որոնք շրջեցան բոլոր խանութները եւ տուները: Նկատի ունենալով ձեռնարկի նուիրականութիւնն ու կարեւորութիւնը, Թեսաղոնիկէի Թաղական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք սրտաբուխ մասնակցութիւնը բերին՝ դրամական նուիրատուութիւններով, մատաղցու ոչխար¬ ներով, աքաղաղ եւ միսով: