Այս Կիրակի 31 Մարտին պիտի սկսի ամառնային ժամի կիրարկումը:
Առաւօտեան ժամը 03:00ին պէտք է դարձնել մեր ժամացոյցի սլաքները
եւ զետեղել 04:00ի վրայ:

Յունաստանի աշխատաւորներու պետական հաստատութեան (ՕԱԷՏի) կողմէ հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ երկրի գործազուրկներու թիւը Փետրուարի ընթացքին աւելցած է 25.650 հոգիով: Ըստ ՕԱԷՏի պաշտօնական տուեալներուն, անցեալ ամիս գործէ արձակուած է 38.224 մարդ, որոնց մէկ մասը՝ նոր գործի մէջ յաջողած է մտնել: 

Երէկ Կիրակի երեկոյեան Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակը համախմբուեցան յոյն քաղաքացիները՝ «Աղքատութիւն, գործազըրկութիւն, անձնասպանութիւններ. Կը բաւէ այլեւս» լոզունգը բացագանչելով։

Նոյն պահուն թրքական ամբողջ նաւատորմը Եգէականի մէջ
ռազմական ցուցադրութիւն կը կատարէ

Թուրքիոյ պարագային սովորական մարտահրաւէր կրնայ նկատուիլ Անգարայի գրգրիչ կեցուածքը, որ կ'որոշէ Եգէական ծով դուրս բերել թրքական ամբողջ նաւատորմը, ռազմական վարժութիւններ կատարելու պատճառաբանութեամբ...

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած տեղատարափ անձրեւը լուրջ խնդիրներ յառաջացուց Ատիկէի տարբեր շրջաններէ ներս: