Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած տեղատարափ անձրեւը լուրջ խնդիրներ յառաջացուց Ատիկէի տարբեր շրջաններէ ներս:
Ճամբաներու ողողումներ դժուարացուցին ինքնաշարժներու շրջագայութիւնը, Աթէնքի կեդրոնական ճանապարհներէն ներս:
Հրշէջ սպասարկութիւնը ստացած է աւելի քան 200 դիմում՝ գետնայարկ տուներէ ջուրերը մաքրելու համար: Այլ շրջաններ խաւարի մէջ կը գտնուին, ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատման պատճառով: