«Այլ ազգերու դէմ գործուած ոճիրները ճանչնալու բարոյական պարտքը շատ աւելի կարեւոր է, քան Թուրքիոյ հետ առժամեայ կապերու պահպանումը» կը գրէ «Մաարիվ» թերթը անդրադառնալով նախագահ Ռիվլինի խօսքերուն

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը նախորդ երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ գումարեց իր տարեկան խորհըրդաժողովը. աւարտին հրապարակեց իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն  բանաձեւերէն մէկը Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

ԵԱՀԿ պէտք է պահանջէ ուժի ոչ-կիրառման յստակ երաշխիքներ Ատրպէյճանէն

ԵԱՀԿ Մինսկ խումբի համանախագահ.- «Ատրպէյճանը
կրկնապատկած է իր ռազմական պիւտճէն եւ ներկայիս կը
գերազանցէ Հայաստանի համախառն ներքին արտադրութեան»



Իբրեւ շարունակութիւն հարեւան երկիրներու մէջ յաւելեալ ներգրաւուածութեան եւ ուշադրութին դարձնելով սառած հակամարտութեանց՝ յատկապէս արեւելեան իր տարածաշրջանէն ներս,Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնաժողովը (AFET) Չորեքշաբթի,
Յունիս 15-ին հրաւիրած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ դեսպաններ Ռոպերթ Պրատքէն (ԱՄՆ) եւ Պերնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), զեկուցելու եւ զրուցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին զարգացումներու բանակցային ներկայ գործընթացին շուրջ, ինչպէս յայտնած էինք Երկուշաբթի օրուան մեր թիւով:

Ցեղասպանութեան յիշատակի օր
սահմանելու օրինագիծը մերժուած է

Իսրայէլի օրէնսդրութեան հարցերով  նախարարական յանձնաժողովը հրաժարեցաւ  փրոֆ.  Արյէ Էլդադի՝  Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր սահմանելու մասին օրինագիծը ընդունելէ: