«Այլ ազգերու դէմ գործուած ոճիրները ճանչնալու բարոյական պարտքը շատ աւելի կարեւոր է, քան Թուրքիոյ հետ առժամեայ կապերու պահպանումը» կը գրէ «Մաարիվ» թերթը անդրադառնալով նախագահ Ռիվլինի խօսքերուն
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Շաբաթ մը առաջ «Նիուզ»ի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւանը յայտնած էր, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծի քննարկումը Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ, որ տեղի պիտի ունենար Չորեքշաբթի, Յունիս 22ին, մէկ շաբաթով յետաձգուած էր:
Իսրայէլեան «Մաարիվ» թերթին մէջ հրատարակուած գրութիւն մը կÿանդրադառնայ Քնեսէթի (իսրայէլեան խորհըրդարանի) նախագահ Ռիվլինի խօսքերուն, թէ Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ -իր իսկական անունը օգտագործելով- այլ ազգերու դէմ գործուած ոճիրները, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախագահը ըսած է թէ Իսրայէլի արժանապատուութեան հետ կապուած բարոյական հարց է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հիմնականօրէն կապակցուած է միջազգային հանրութեան առջեւ Իսրայէլի ներկայացուցած պատկերով: «Շատ աւելի կարեւոր է, քան Թուրքիոյ հետ առժամեայ կապերու պահպանումը» կը գրէ թերթը:
Ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ Քնեսէթի օրակարգին ներկայացուած բանաձեւը, նախապէս կրթութեան յանձնաժողով ուղարկուած էր. երեսփոխանները պաշտպանած էին քննարկումները շարունակելու որոշումը, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառ դառնան:
Չորեքշաբթի, 29 Յունիսին կայացուցած որոշումին համաձայն Ապրիլ 24ը Իսրայէլի մէջ յիշատակման օր ճանչնալու մասին բանաձեւը 25 թեր եւ մէկ դէմ քուէով որոշեց Կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովին փոխանցել՝ առ ի քննարկում: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ Ապրիլ 24ին Իսրայէլի դպրոցներէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասընթացքներ պատրաստել:
Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սեւան կը տեղեկացնէ, որ նոյն նիստին ներկայ եղած են նաեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու անդամ հրեայ պատգամաւորներ:
Իսրայէլի կառավարութեան ներկայացուցիչ՝ Ուզի Լանտաու խորհրդարանին փոխանցեց, որ կառավարութիւնը դէմ չէ հարցի քննարկման՝ կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովի կողմէ:
Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցաւ «Լիքուտ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն Զեւ Էլքին, որուն հետ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտ յարաբերութիւններու մէջ է:
Ըստ «Արմէնփերէս»ի, Սեւան նաեւ շեշտած է, որ «Կապոյտ Մարմարա»ի հետ կապուած դէպքերը հանդիսացան Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնների վատթարացման հիմքը: Ըստ անոր, մինչ իսրայէլա-թրքական յարաբերութիւններու վատթարացումը, Իսրայէլի կառավարութիւնը զգուշօրէն կ՛արտայայտուէր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի մասին: «Սակայն ներկայիս այս հարցին մէջ կը տեսնենք տեղաշարժեր եւ յոյսով ենք, որ այդ տեղաշարժերը կը պահպանուին», ըսած է Սեւան, աւելցնելով, որ սկզբնական շրջանին Իսրայէլի մէջ կային ուժեր, որոնք կ՛ուզէին հակաթրքական մեծ աղմուկ բարձրացնել, սակայն կառավարութիւնը զսպած է զանոնք:
«Այնուամենայնիւ, ներկայիս աւելի ու աւելի յաճախ կը լսենք իսրայէլցի մտաւորականներու, գրողներու, քանդակագործներու եւ առհասարակ արուեստագէտներու ձայներ, որոնք կոչ կ՛ընեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եթէ նոյն տրամադրութիւնները պահպանուեն, ապա կը կարծենք, որ Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը եւս կ՛երթայ դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում», յայտնած է Սեւան:
Անդրադառնալով Ամերիկայի մէջ հրէական լոպիի գործունէութեան եւ վերջինիս կողմէ հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով աջակցութիւն ցուցաբերելու հաւանականութեան՝ Սեւան նշած է, որ այդ հարցը մեծապէս կախուած է Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումէն: «Կան հրէական լոպիական կազմակերպութիւններ, որոնք չէզոք են, սակայն կը կարծեմ, որ կը գտնուին որոշները, որոնք կ՛օգնեն», աւելցուցած է Սեւան:
Երբ Մայիսին առաջին անգամ բանաձեւը ներկայացուեցաւ՝ երեսփոխանները քննարկումները շարունակելու որոշում առին, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառ ըլլան: