Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը նախորդ երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ գումարեց իր տարեկան խորհըրդաժողովը. աւարտին հրապարակեց իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն բանաձեւերէն մէկը Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչներ Անասթասիոս Ներանծիս եւ Միխալիս Փանտուլաս ներկայ եղան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ պրն.Մկըրտիչ Մինասեան:
Խորհրդաժողովը իր օրակարգին մէջ ներառաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւը, որ ստանալով խորհրդաժողովին ներկայ 20 երկիրներու խորհրդարաններու պատուիրակներուն հաւանութիւնը՝ միաձայնութեամբ որդեգրուած է Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի 18-րդ խորհրդաժողովին պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: