Ցեղասպանութեան յիշատակի օր
սահմանելու օրինագիծը մերժուած է

Իսրայէլի օրէնսդրութեան հարցերով  նախարարական յանձնաժողովը հրաժարեցաւ  փրոֆ.  Արյէ Էլդադի՝  Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր սահմանելու մասին օրինագիծը ընդունելէ:


Էլդադ  առաջարկած  էր ամէն տարի Ապրիլ 24-ին դպրոցներուն մէջ  պատմել 1915ի  ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին: Ան  յայտարարած  է, որ մտադիր չէ իր ջանքերը դադրեցնելու  եւ  Յունիս 22-ին հարցը դարձեալ պիտի ար-ծարծէ Քնեսէթի լիագումար  նիստին մէջ:
Էլդադը նկատած է, որ շատ պատգամաւորներ, որոնց կարգին՝  խորհըրդարանական համախոհութեան  նախագահ Զէեւ Էլքինը, կ՝ աջակցին Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման գաղափարին, բայց կը  քուէարկեն «ռոպոթի» պէս...
«Անոնք  կառավարութեան դէմ չեն դասուիր.  վախկոտներ են»,- ըսած  է Էլդադը: