ԵԱՀԿ պէտք է պահանջէ ուժի ոչ-կիրառման յստակ երաշխիքներ Ատրպէյճանէն

ԵԱՀԿ Մինսկ խումբի համանախագահ.- «Ատրպէյճանը
կրկնապատկած է իր ռազմական պիւտճէն եւ ներկայիս կը
գերազանցէ Հայաստանի համախառն ներքին արտադրութեան»



Իբրեւ շարունակութիւն հարեւան երկիրներու մէջ յաւելեալ ներգրաւուածութեան եւ ուշադրութին դարձնելով սառած հակամարտութեանց՝ յատկապէս արեւելեան իր տարածաշրջանէն ներս,Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնաժողովը (AFET) Չորեքշաբթի,
Յունիս 15-ին հրաւիրած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ դեսպաններ Ռոպերթ Պրատքէն (ԱՄՆ) եւ Պերնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), զեկուցելու եւ զրուցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին զարգացումներու բանակցային ներկայ գործընթացին շուրջ, ինչպէս յայտնած էինք Երկուշաբթի օրուան մեր թիւով:

Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, դեսպան Իկոր Փոփով չմասնակցեցաւ զեկուցման, նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ ըլլալով Քազանի յառաջիկայ հանդիպման՝ նախագահներ Սերժ Սարգիսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ: Բանակցութիւննները նոր թափ ստացած են եւ հաւանական է, որ Քազանի (Ռուսիա) մէջ,  Յունիս 25, 2011-ին, նուաճում մը իրագործուի, ընդգծեցին Պրատքէ եւ Ֆասիէ:
Իւրաքանչիւր համանախագահ բացատրեց թէ հոս հասած են հինգ տարուան աշխատանքներուն իբր հետեւանք, ինչպէս նաեւ իրենց համապատասխան երկիրներու ներգրաւուածութեան՝ բանակցային գործընթացին: Երկուքն ալ ընդգծեցին, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը լաւագոյնն է համաձայնութեան գալու, քանի որ ան կÿաշխատի արդիւնաւէտ, ճկուն, առնելով արագ եւ կոշտ որոշումներ՝ պահպանելով գաղտնապահութիւնը։
Դեսպան Պրատքէ ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը շատ կարեւոր է ՄիացեալՆահանգներուն եւ անշուշտ Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան համար։ Անոնք հրաւիրեցին Եւրոպական Միութիւնը ստանձնելու որոշիչ դեր՝ խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար, պատրաստելով երկու երկիրներու հասարակութիւնները, նպաստելով ժողովրդավարութեան զարգացման գործընթացին, օգտագործելով իր բոլոր քաղաքական լծակները. Համանախագահները կը հաւատան, որ Եւրոմիութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի ականազերծման, վերակառուցման եւ խաղաղութեան պահպանման աշխատանքներուն մէջ։
Պատասխանելով մի քանի եւրոերեսփոխաններու խիստ քննադատութեանց, թէ  Ռուսիա շահագրգռուած է ներկայ իրավիճակին պահպանումով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս սպառազինութեան արշաւին մասնակցելով, դեսպան Ֆասիէ հաստատեց Ռուսիոյ որոշիչ դերը, ընդգծելով թէ ան միակ զէնք մատակարարող երկիրը չէ, ու նշեց, որ Ատրպէյճան կը գնէ նոր, առանց օդաչուի օդանաւեր, որ տարուէ տարի Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն 20-էն 30 տոկոսով կÿաճի, իսկ անցեալ տարուան հետ համեմատելով՝ բազմացած է 100 տոկոսով, գերազանցելով Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ համախառն ներքինարտադրութիւնը։
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը վերահաստատէ իր կոչը, թէ ԵԱՀԿ պէտք է պահանջէ ուժի ոչ-կիրառման յստակ երաշխիքներԱտրպէյճանէն՝ յառաջիկայ բանակացութեանց քննարկումներու նախօրեակին։ Աւելին՝ Յանձնախումբը, կը շեշտէ, որ ԼեռնայինՂարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է բանակցութեանց մաս կազմէ՝ որպէս լիարժէք կողմ։ Ատրպէյճանի սպառնալիքները առաջին հերթին ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ եւ ան պէտք է ունենայ իր անկախ խօսքը՝ իր պետութեան ձեւաւորման որոշման մէջ։