ՖՐԱՆՍԱ-ՊՂԾԱԾ ԵՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԻԼԷՕՐՊԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆ ԱԼ
 Յուլիս 3էն 4ի գիշերը, անծանօթներ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին Վիլէօրպանի մէջ բարձրացուած յուշարձանն ալ:

Քանի մը օր առաջ ալ, Մարսիլիոյ մէջ պղծուած էր Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին:

CCAF այս առթիւ Յուլիս 6-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ անգամ մը եւս կը շեշտէ ժխտողականութիւն կոչուող աղէտը կանխելու համար հարկաւոր օրէնք հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

 

 

ՊՈԼԻՍ
«Էրտողանի գրասենեակի տեսուչը» Հայոց պատրիարքի փոխանորդէն կաշառք ուզած է
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանը դատական հայց ներկայացուցած է անձնաւորութեան մը դէմ, որ ներկայացած է որպէս Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի գրասենեակի տեսուչ, իր ծառայութիւններու համար 6 հազար լիրա կաշառք պահանջելով:
Այս մասին գրած է Hurriyet Daily News-ը՝ տեղեկացնելով, որ 36-ամեայ Քեմալ Թայֆուն Նարգինը կը մեղադրուի խաբէութեան եւ պետական ինստիտուտները վարկաբեկելու յանցանքով: Անոր կը սպառնայ 7 տարուայ ազատազրկում: Հարցի դատական լսումին կասկածեալը ներկայ չէր գտնուած:
Արամ Արք. Աթէշեանը մասնակցած է դատական նիստին եւ պնդած է, որ կասկածեալը, ժամանելով Պատրիարքարան, կաշառք պահանջած է՝ իր աւարտին հասցնելու համար Պոլսոյ մէջ գտնուող պատմական Սանասարեան Խան կոչուող շէնքը հայկական համայնքին վերադարձնելու համար:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու ունեցուածքը վերադարձնելու գործընթացը, բայց ընդամէնը մի քանի մարդ գիտէր, որ այդ շէնքը վերադարձուելու էր հայկական համայնքին:
Քեմալ Նարգինը Աթէշեանի հետ հանդիպում որոշած էր, ուր ան նիւթական նուէր պահանջած էր, պատճառաբանելով որ ինքը 3 հազար լիրա վճարած է:
Արամ Աթէշեանը, տեսնելով, որ փաստաթուղթը կեղծ է, զանգահարած է Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էգեմէն Բաղիշին: