Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 20-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Փարիզ:

Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցին այցելած է Անգլիոյ գահաժառանգ Չարլզը, նախապէս դասաւորուած ժամադրութեամբ:

Մէկ շա­բաթ ա­ռաջ խո­ցո­ւած հայ­կա­կան ուղ­ղա­թի­ռի անձ­նա­կազ­մի ճա­կա­տագ­րի մա­սին դեռ եւս տե­ղե­կու­թիւն չկայ: Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծե­րու եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թե­նէն «Ա­զա­տու­թեան» փո­խան­ցե­ցին, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ռայժմ ար­դիւնք չեն տո­ւած։

­ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ ­Քասփր­չիկ կը խոս­տա­նայ հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ ը­նել` ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէն զգետ­նո­ւած ար­ցա­խեան ուղ­ղա­թի­ռիին ա­ռա­ւե­լա­գոյնս շուտ մօ­տե­նա­լու հա­մար:

«Ռաֆալ» տիպի ֆրանսական երկու օդանաւեր մաս կազմած են միջազգային դաշինքի շղթայազերծած յարձակումներուն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ՝ Քերքուքի մէջ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ֆրանսական «Միրաժ» տիպի վեց օդանաւեր պիտի տեղակայուին