Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարազանի երէկ բուռն կերպով քննադատեց միջազգային դաշինքը, որ «պէտք եղած ձեւով չի հակազդեր ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն: Պարազանի այսօր պիտի տեսակցի Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Իրաք պիտի ժամանէ:
Խորհրդակցութիւնները պիտի ընդգրկեն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տիրող լարուած վիճակը, յատկապէս Էրպիլի եւ Քերքուքի մէջ երէկ՝ Չորեքշաբթի պատահած ահաբեկչական պայթումներուն լոյսին տակ:

Զօրաւոր Պայթում Մը Ցնցեց Էրպիլը

Մէկ տարուան կայունութենէ ետք զօրաւոր պայթում մը երէկ կանուխ առաւօտուն ցնցեց Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլը՝ պատճառելով մարդկային եւ նիւթական ծանր կորուստներ:
Էրպիլի նահանգապետարանին կից գտնուող շուկային մէջ անձնասպանական գործողութեամբ կատարուած ահաբեկումին գծով պատասխանատուութիւնը ցարդ որեւէ կազմակերպութիւն չստանձնեց: Գերմանիա խոստացաւ 4000 զինեալներու բաւարար զինամթերք ուղարկել քիւրտ փեշմերկաներուն: