Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 20-ին աշխատանքային այցով ժամանած է Փարիզ:

Նոյն օրը երկրի ղեկավարը այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Հեռուստամարաթոն-2014»-ի ծիրէն ներս համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը կազմակերպող գրասենեակ: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի ողջ անձնակազմին՝ մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թեր- զեանի գլխաւորութեամբ, բոլոր կամաւորներուն, որոնք անմիջական մասնակցութիւն կ’ունենան հեռախօսամարաթոնին:
Երկրի ղեկավարը Ֆրանսայի հայ համայնքը համարած է Սփիւռքի ամենակազմակերպուած հատուածներէն մէկը, որ միշտ իւրայատուկ աշխուժութեամբ հանդէս եկած է Արցախին սատարելու, Հայրենիք-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու եւ համազգային ծրագրերը իրականացնելու գործին մէջ:
Նախագահին ուղեկցած են Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան եւ խումբ մը պետական պաշտօնեաներ: