ԿԻՊՐՈՍ
Ինկա եւ Անուշ Արշակեաններ աննախընթաց ելոյթ ունեցան Սթրովոլոսի Քաղաքապետարանի թատերասրահին մէջ

Սթրովոլոսի Քաղաքապետարանի թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ հայ համայնքի Երեսփոխանական Գրասենեակին, հայրենի վաստակաշտ երգչուհի քոյրեր՝ Ինկա եւ Անուշ Արշակեաններ, աննախընթաց ելոյթ ունեցան ծայրէ ի ծայր լեցուած հանդիսասրահի մը մէջ։

Կիպրոսի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութիւնը վայելող ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը, հայրենի հանրածանօթ պարուսոյց Պետրոս Ղարիպեանի ղեկավարութեամբ։
Արշակեան քոյրերը հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը կը մատուցեն իւրայատուկ եւ ինքնատիպ ոճով եւ կը համարուին հայ երգի դեսպանները համայն աշխարհի մէջ։ Ինկա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերը մակնիսացած պահեցին հանդիսատեսները յայտագրի բոլոր տեւողութեան ընթացքին, իրենց մեկնաբանած երկ-տասնեակ երգերու շարանով։ Անոնք իրենք իրենց գերազանցեցին «Կիլիկիա», ինչպէս նաեւ՝ Մաման - Ազնաւուր երգերու կատարողութեամբ, որոնցմէ ետք ներկաները իրենց խանդավարութիւնը արտայայտեցին յոտընկայս ծափողջոյններով։
Համազգայինի 20-անդամ երկսեռ պարախումբը, ընկերակցելով Արշակեան քոյրերուն, հանդէս եկաւ չորս պարերով։ Պարախումբի բացառիկ ելոյթը կ’ապացուցէ հայրենի գեղարուեստական ղեկավար Պետրոս Ղարիպեանի բարձրորակ աշխատանքը, որ կը կատարուի Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի ծրագիրներուն ընդմէջէն, ներգրաւելով հայ երիտասարդը հայկական պարի եւ ընդհանրապէս՝ հայկական մշակոյթի աշխարհէն ներս։

----------------------------

ԼԻԲԱՆԱՆ
Հայ ժողովուրդին հանճարներէն՝ նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին
նուիրուած դասախօսական երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներու միութեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դանիէլ Վարուժան. Ցեղին հանճարը» վերնագիրով դասախօսական երեկոյ մը:
Հանդիսավար Լորի Եթերեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներու միութեան անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ բարձր գնահատեց նման երեկոյի մը կազմակերպումը, մանաւանդ երբ նուիրուած է նահատակ բանաստեղծի մը: Ումուտեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին՝ ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօս հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կեանքին եւ բանաստեղծական ստեղծագործութեան արժէքներուն, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ձգած են հայկական մշակութային եւ գրական կեանքին վրայ՝ Վարուժանը որակելով հայկական եւ համամարդկային արժէք ունեցող բանաստեղծ: Պատգամախօսը իր ներկայացումին ընթացքին բանաստեղծական կտորներ մէջբերելով ներկայացուց Վարուժանի լաւագոյն գործերը՝ «Հացին երգը», «Ցեղին սիրտը», «Սարսուռներ» եւ «Հեթանոս Երգեր»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Եւա Ղազարեան, որ ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը, իսկ Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն:
Ձեռնարկին փակման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ գնահատեց ձեռնարկը նախաձեռնողներուն աշխատանքը, յատկապէս պատգամախօս հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանին ներկայացումը:


Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Երկօրեայ Սեմինար‘ «Հայ Դատի Նոր Մարտահրաւէրներ Եւ Փոխանցման Արդի Միջոցներ» Խորագիրով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 16 եւ կիրակի, 17 նոյեմբերին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի նոր մարտահրաւէրներ եւ փոխանցման արդի միջոցներ» խորագրեալ սեմինարը, որուն հրաւիրուած էին մասնակցելու լիբանանահայ աւելի քան 25 վարժարաններու տնօրէններն ու բարձր դասարաններու հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական, ուսանողական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները‘ վարիչներ, խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ: Դաստիարակներու յատուկ այս սեմինարին, Հայ դատի մարմինին անունով բացման խօսքը փոխանցեց Աքասիա Փոլատեան, որ կարեւոր նկատեց հայ սերունդին դաստիարակութեան առաքելութիւնը ստանձնած ուսուցիչներու եւ միութենական դաստիարակներու դերը‘ նկատել տալով, որ վաղը անոնց դաստիարակած սերունդէն դուրս պիտի գան Հայ դատը լուծող հայ քաղաքական գործիչները, անձնուրաց ազատամարտիկները եւ յանձնառու հայ ծնողքը:
Ապա տեղի ունեցաւ սեմինարին առիթով պատրաստուած եւ մասնակիցներուն տրամադրուած խտասալիկի բովանդակութեան ներկայացումը. խտասալիկը կ՛ընդգրկէ պատմական, աշխարհագրական, ժամանակագրական, իրաւական, քաղաքական, վաւերագրական, աղբիւրագիտական, հաղորդակցական եւ այլ տեսակի գիտելիքներ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի տարբեր մարզերուն մասին‘ ընդհանուր առմամբ աւելի քան հազար ելեկտրոնային վաւերաթուղթ եւ սկզբնաղբիւր:
Սեմինարի առաջին նիւթը‘ «Հայ դատի ներքին եւ արտաքին քարոզչութեան հոլովոյթները», ներկայացուց Արմէն Ապտալեան: Ան նշեց, որ լիբանանահայ պատանիին կամ երիտասարդին համար հարթուած պէտք է ըլլայ անոր ինքնութեան խնդիրը. ան նաեւ պէտք է զինուած ըլլայ գիտելիքով‘ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի մասին քարոզչական յաջող աշխատանք մը տանելու համար Լիբանանի տեղական շրջանակին մէջ եւ ի հարկին‘ թուրք խօսակիցին հետ: Ան կարեւոր նկատեց ճշգրիտ տեղեկութեամբ եւ քաղաքական բովանդակութեամբ քարոզչութիւնը սահմանազատել լոզունգային‘ ամբոխային քարոզչութենէն: Սեմինարի երկրորդ նիւթը‘ «Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթը դասաւանդելու ձեւերը», ներկայացուց Վերա Եագուպեան: Ան անհրաժեշտ նկատեց աշակերտին կամ ուսանողին փոխանցել մարդկային իրաւանց, միջազգային որոշ համաձայնագիրներու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ եւ նման ենթահողի մը վրայ կառուցել «Հայոց ցեղասպանութիւնը» նիւթի դասաւանդումը‘ ներառելով տեղեկութիւններ ցեղասպանութիւնը նախորդող կացութեան եւ զայն յաջորդած հանգրուաններուն մասին, ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութեան ժխտումը ժամանակակից հանգրուանին:
Կիրակի, 16 նոյեմբերին սեմինարը շարունակուեցաւ երրորդ նիւթով‘ «Նոր սերունդը‘ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ», զոր ներկայացուց Վիգէն Աւագեան: Ան շեշտեց, թէ նոր սերունդը պէտք է ներգրաւել 100-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներուն մէջ‘ օգտագործելով նոր միջոցներ երիտասարդները յանձնառութեան գիտակցութեամբ օժտելու: Աւագեան նկատել տուաւ, որ այն միջոցները, որոնք ազդու եղած են Ցեղասպանութեան յաջորդած առաջին եւ երկրորդ յիսնամեակներուն, կրնան համահունչ չըլլալ երրորդ յիսնամեակի մարտահրաւէրներուն, հետեւաբար անհրաժեշտ է, երիտասարդութեան մասնակցութեամբ, մշակել նոր ծրագիրներ: Սեմինարի վերջին նիւթը‘ «Հայ դատի ուսուցումը դաստիարակութեան ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով», ներկայացուց Յակոբ Եագուպեան: Հայ դատի ուսուցումը բաժնելով պաշտօնական‘ դպրոցական եւ անպաշտօն‘ արտադպրոցական դաստիարակութեան մարզերու վրայ, Եագուպեան նշեց, որ երկու պարագային ալ դաստիարակութիւնը պէտք է խարսխուի քննական միտքի զարգացման մեթոտին վրայ: Պարզելով քննական մտածողութեան լծակից կարողութիւններու ցանկը‘ ան դաստիարակի դերը սահմանեց հիմնականօրէն իբրեւ հարցադրող: Ճաշի դադարէն ետք, սեմինարի վերջին բաժինով, տեղի ունեցան աշխատանոցներ: Խմբակներու բաժնուած մասնակիցները, Յ. Եագուպեանի ցուցմունքներուն հիման վրայ, մշակեցին դասընթացքի ծրագիրներ‘ քննական մտածողութեան հիմամբ Հայ դատի տարբեր նիւթեր դասաւանդելու դասարանային եւ արտադասարանային, միութենական միջավայրի մէջ:
Հայ դատի մարմինը, իր փակման խօսքին մէջ, կատարելով արծարծուած միտքերու ամփոփումը, ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեսական գիտելիքներու, հմտութիւններու եւ աւանդման միջոցներու համախոհական համակարգի մը մշակման:

----------------------------

ՎՐԱՍՏԱՆ
Վիրահայոց թեմը միացաւ «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» նախաձեռնութեան

Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ, Կիրակնօրեայ Ս. պատարագին յաջորդեց «Հայարտուն» կեդրոնի եւ թեմի երիտասարդութեան հարցերու բաժինի կազմակերպած «Կանք եւ կը լինենք» նշանաբանով բողոքի գործողութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին արձագանգելով Մարսէյի հայ համայնքի նախաձեռնութեան, Վիրահայոց թեմը միացաւ »#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide» («# 2015RTAG. Ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը») նախաձեռնութեան, զոր կը գլխաւորեն Անի Ստեփանովան եւ Ռիչարտ Ֆնտիքեանը:
«Անի» եւ «Հայարտուն» կեդրոնի «Տարօն» երիտասարդական պարային խումբերու անդամներու մասնակցութեամբ ֆլեշմոփը ընթացաւ սպիտակ վերնաշապիկներ հագած երիտասարդներու հայոց աւանդական «Քոչարի» պարի երաժշտութեան ներքոյ, պարային ըմբոստ շարժումներով կոչ ընելով քաղաքակիրթ աշխարհին «Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Ֆլեշմոփի կազմակերպիչը եւ գեղարուեստական ղեկավարը պարուսոյց Անկելինա Նազարեան-Քոչեանն էր: Ֆլեշմոփին ներկայ էին Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, հոգեւոր դասը, հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Բողոքի ցոյցին միացան ՀՀ Ազգային ժողովի անդամ Տաճատ Վարդապետեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու բաժինի պետ Տարօն Շագոյեան:

-------------------------------

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

Հադրութը եւ Պըրպենքը դարձան բարեկամ քաղաքներ

Քալիֆորնիոյ նահանգի Պըրպենք քաղաքի քաղաքային խորհուրդը 28 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունած է հռչակագիր մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ քաղաքին հետ բարեկամական կապեր հաստատելու մասին:
Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ Հադրութի եւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը հաստատակամութիւն եւ տոկունութիւն կը ցուցաբերէ պատերազմի, կոտորածներու, տնտեսական զրկանքներու եւ հսկայական դժուարութիւններու նկատմամբ:
Պըրպենք քաղաքային խորհուրդը ընդգծած է, որ արդէն աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը մեկնելով իր քաղաքացիներուն շահերէն՝ անկախ պետութիւն է եւ ջանքեր ի գործ կը դնէ կովկասեան տարածաշրջանի զարգացման եւ այնտեղ կայունութեան հաստատման համար, ինչպէս նաեւ կը կատարէ ազատ, արդար ընտրութիւններ եւ հանրաքուէներ, որոնք օրինակելի նկատուած են տարածաշրջանին համար:

 

Ամերիկայի արեւելեան շրջանի Հայ Դատի
Յանձնախումբը պիտի պատուէ Ռոպըրթ Մորկընթաուը

Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան մեծարանքի հանդիսութեան, «Ազատութիւն» մրցանակով պիտի պատուէ յայտնի իրաւաբան Ռոպըրթ Մորկընթաուը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռն է: Մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող միւս հարցերուն մէջ,
Այս մրցանակին արժանացած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվընզը, ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայիս դեսպան, «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր Սամանթա Փաուըրը, Մմիացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզը, Միացեալ Նահանգներու նախկին ծերակուտականներ Էլիզապեթ Տոլ եւ Ռոպըրթ Տոլ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը եւ ուրիշներ: