­ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ ­Քասփր­չիկ կը խոս­տա­նայ հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ ը­նել` ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մէն զգետ­նո­ւած ար­ցա­խեան ուղ­ղա­թի­ռիին ա­ռա­ւե­լա­գոյնս շուտ մօ­տե­նա­լու հա­մար:

 

Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րե­սէ, այս մա­սին ­Քասփր­չիկ ը­սած է “Ար­ցախ TV”­-ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին: Ան դրա­կան կը գնա­հա­տէ շփման գի­ծին վրայ ­Նո­յեմ­բեր 18-ին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած դի­տար­կու­մը` ընդգ­ծե­լով, որ անս­պա­սե­լի բար­դու­թիւն­ներ եւ կրա­կոց­ներ չեն ե­ղած: Անդ­րա­դառ­նա­լով այն հար­ցին, թէ ին­չո՛ւ ԵԱՀԿ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը դի­տար­կում չ­՛ի­րա­կա­նաց­ներ ուղ­ղա­թի­ռի ին­կած վայ­րին մէջ, ԵԱՀԿ-ի գոր­ծող նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը բա­ցատ­րած է. «Ինչ­պէս ո­րե­ւէ դի­տարկ­ման պա­րա­գա­յին, այս դի­տարկ­ման հա­մար նա­խա­պէս յայտ ներ­կա­յա­ցո­ւած է զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րուն:

“Ա­նոնք կը նա­խա­պատ­րաս­տին դի­տարկ­ման, ո­րու հա­մար քա­նի մը օր կը պա­հան­ջո­ւի:

Այս դի­տարկ­ման յայ­տը մին­չեւ ուղ­ղա­թի­ռի ան­կու­մը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր: Այդ դէպ­քէն ետք, բնա­կա­նա­բար, ես ցան­կա­ցած դի­տարկ­ման կէ­տը փո­խել, բայց ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի իմ աշ­խա­տա­կի­ցիս պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ այն, որ այդ տա­րած­քին մէջ ի­րա­վի­ճա­կը լա­րո­ւած է եւ հնա­րա­ւոր չէ անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ տալ, որ մեր աշ­խա­տան­քի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է”: ­Քասփր­չիկ ա­ւել­ցու­ցած է նաեւ, որ ուղ­ղա­թի­ռին վե­րա­բե­րեալ կը շա­րու­նա­կէ իր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: “Ես կը հասկ­նամ այդ մտա­հո­գու­թիւ­նը, ա­սի­կա ան­շուշտ հաս­կա­նա­լի է: Հ­նա­րա­ւոր ա­մէն ինչ կ­՛ը­նեմ, որ­պէս­զի շուտ կա­րե­նանք մօ­տե­նալ ուղ­ղա­թի­ռին”,- ը­սած է ան` ա­ւելց­նե­լով, որ հար­ցը այս շա­բաթ պի­տի քննար­կէ ­Պա­քո­ւի մէջ