Costa  Concordia  նաւու  արկածը


Իտալացի ջրասոյզները 6 դիակ յայտնաբերած են, Ուրբաթ գիշեր Իտալիոյ Թոսքանի բացերը սուզուած զբօսաշրջական Costa Concordia նաւու արկածին հետեւանքով:


Նաւուն մէջ կար աւելի քան 4000 մարդ:  Անոնց մէջ էին 108 ռուսեր, որոնց շարքին նաեւ ռուսահայեր: Բոլորը լաւ են, ինչպէս հաստատած է ռուսահայ Լիւտմիլա Եազըճեանը: 
Նաւը խրած է աւազին մէջ:
Ինչպէս կը յայտնեն իտալական լրատուամիջոցները նաւու շուրջ իրենց աշխատանքը կը շարունակեն ուղղաթիռները եւ փրկարար ջոկատները: Ջրասոյզները դեռ կը փնտռեն անյայտ մնացած 15 անձեր, հակառակ որ ժամանակի դէմ մղուած պայքար մըն է իրենց բոլոր աշխատանքը: