Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր հակամարտութիւն կը հասուննայ. Իրանի քարիւղի արդիւնաբերութեան նախարար Ռուստամ Գասեմի կտրականապէս մերժած է Ատրպէյճանի նկրտումները Սարտար Ճանկալ  քարիւղի հանքավայրին նկատմամբ:

Երէկ, 9 Յունուար 2013ին, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոպական Միութեան  խորհրդարանի շէնքէն ներս, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Եւրոպական խորհրդարան - Հայաստան բարեկամական խումբի ստեղծումը, նախագահութեամբ տոքթ. Էլենի Թէոխարուսի

ՄՈՍԿՈՒԱ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Քրասնոտարի շրջանը՝ Արմաւիր քաղաքին մէջ (հարաւային Ռուսաստան) նոր սերունդի ռատարներու՝ Voronej-DM հակահրթիռային կայան մը պիտի բացուի 2013ին: 

Վենէզուէլայի նախագահ Ուկօ Չավեզ պիտի չկարողանայ երդում կատարել նախորոշւած թուականին (Յունուար 10)ին), Քուպայի մէջ բժշկական խնամքի տակ գտնուելու պատճառով:
Երկրի ընդդիմութիւնը քաղաքական հակայարձակումի անցած է, դիտել տալով թէ «սահմանադրական կարգը կը խախտի,

ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Ռաքքա քաղաքի ճանապարհին վրայ, երկու շաբաթ առաջ առեւանգուած երեք հայեր ազատ արձակուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանը՝