Ճոն Քերիի կողմէ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի ստանձնման կապակցութեամբ Ռոպերթ Մենենտես (ձախին) եւ Պարպարա Պոքսըր (աջին) հարցումներ ուղղած են իրեն:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հալէպի մէջ վերջին օրերուն իրավիճակի մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած:

Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը Իսրայէլի նորընտիր խորհըրդարանէն դրական ակնկալիքներ ունի:

Մեքսիքօ Սիթիի կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող զբօսայգիի մը մէջ զետեղուած Ատրպէյճանի նախկին մենատէր Հայտար Ալիեւի արձանը, անցեալ օրերուն ընթացքին զբօսայգիէն վերցուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ այլ տարածք:

«Ուինտիզ» հեռաձայններու խաղերու շուկային մէջ նոր յայտնուած է «The Gardener» («Այգեպանը») խաղը: Խաղի գլխաւոր հերոսը հայ այգեպանն է, որ կը պաշտպանէ իր այգին որդերէ եւ այլ վնասակար միջատներէ: