Հայկական մեր կեանքի կարեւոր ազդակներուն յաւելեալ ծանրութիւն տալու նպատակով, վերջին տարիներու ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր տարի յատուկ ազդակ-նպատակի մը կը նուիրէ, բոլորի ջանքերը կեդրոնացնելով այս տուեալի վրայ։

Նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս հայ մօր կեդրոնական ներկայութիւնը ու մանաւանդ անոր որոշադրիչ ու եզակի դերը, ներկայ Հայրապետական Գիրով 2013 տարին կը հռչակուեցաւ «ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ» Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամի լրիւ բովանդակութիւնը կը հրատարակենք շաբաթավերջի մեր թիւով։