Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Կիրակի Յունուար 6-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով բոլոր հայ եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Աստուածայայտնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ թէ՜ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը եւ թէ մկրտութիւնը: Առաջին դարերուն ողջ քրիստոնէութիւնը այս երկու տօները միասնաբար Յունուար 6-ին կը նշէր: Սակայն, Արեւմուտքի ու Արեւելքի քրիստոնէութեան յատուկ տեղական պատճառներուն հետեւանքով այս երկու տօները անջատուեցան. Դեկտեմբեր 25-ը դարձաւ Քրիստոսի ծննդեան տօնը, իսկ Յունուար 6-ը մնաց Քրիստոսի մկրտութեան տօնը: Հայ եկեղեցին շարունակեց հաւատարիմ մնալ քրիստոնէական առաջին դարերու աւանդութեան:
Էջմիածնի ու Անթիլիասի մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ. նոյնը կատարուեցաւ հայաշխարհի բոլոր գաղութներուն մօտ: