Նոր Տարին մուտք գործած է արեան մէջ, օդուժին ռմբակոծումներէն ետք: Վերջին օրերուն կը խօսուէր շուրջ 60 հազար մեռեալի մասին՝ կռիւներուն սկիզբէն 21 ամիս ետք:
Հալէպի օդակայանը փակուած էր, ապստամբներու յաճախակի յարձակումներուն պատճառաւ: Կ'ըսուէր թէ Դամասկոսի Տարայա արուարձանին մէջ կ'ընթանան բուռն կռիւներ, այս վայրը ներկայացնելով ռազմավարական նշանակութիւն, քանի ապստամբները այդ բլուրէն կը փորձեն հրթիռներով թիրախ առնել նախագահական պալատը: Դամասկոսի այլ արուարձանի մը՝ Պարզէի մէջ ալ յայտնաբերուած էին չարչարանքի հետքեր կրող շուրջ երեք տասնեակ դիակներ: Սուրիոյ յատուկ նոր բանագնացին՝ Լախտար Պրահիմիի կապուած յոյսերն ալ սկսած են ի դերեւ ելլել: Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան, Սուրիայէն ապաստանածներու Աքչաքալէի ճամբարին մէջ, շուրջ 25 հազար գաղթականի առջեւ ելոյթ ունենալով յայտարարած է, թէ Թուրքիա մինչեւ վերջը պիտի զօրակցի Սուրիոյ ապստամբական շարժումին: Բեմին վրայ իր քով տեղ գրաւած է սուրիական ընդդիմութեան համակեցութեան ղեկավար՝ Ահմատ Մոազ ալ-Խաթիպը:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԱՇԱՏ ՔԱՂԱՔԻ ԾԱՆՐ ՏԱԳՆԱՊԸ
Մեր ստացած վստահելի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ աւելի քան տասը օրէ ի վեր Հալէպ ու Հալէպցիք կÿապրին իսկապէս աննախընթաց տագնապ մը՝ զրկուած ըլլալով բնականոն կեանքի մը ամենէն տարրական ու անհրաժեշտ պահանջքներէն։ Կենցաղային զրկանքները կը յաջորդեն մէկը միւսին։ Երբեմն՝ բոլո՛ր զրկանքները միասնաբար կու գան ու իրենց ծանր թաթին տակ կը ճնշեն ու կը մաշեցնեն Հալէպի չորս միլիոն բնակիչները։ Մինչ հացի սուր տագնապը դեռ կը յամենար, վերջին տասը օրերուն Հալէպ եւ շրջակայքը տառապեցան (ու կը թուի թէ տակաւին երկա՜ր պիտի տառապին) ելեկտրական հոսանքի չգոյութենէ։ Ցրտաշունչ այս օրերուն՝ օրուան 24 ժամերուն վրայ հազիւ 2-4 ժամ ելեկտրականութիւն կը տրուի քաղաքացիներուն։ Այլ խօսքով, մարդիկ իրենց բոլոր ժամերը կÿանցընեն մութի ու խաւարի տիրապետութեան տակ, առանց ստեղծագործական որեւէ աշխատանքի։ Պարզապէս կծկուած նստելով ջեռուցումէ զուրկ իրենց տուներուն մէկ անկիւնը, ձեռնածալ ու ձեռնաթափ։ Քաղաքին շուկաները, որոնք պատերազմական վիճակին բերումով ամիսներէ ի վեր արդէն իսկ կորսնցուցեր էին իրենց երբեմնի նախանձելի կենսունակութիւնը, հիմա ալ զոհն են ելեկտրական հոսանքին սպաննիչ քմայքին։ Հալէպ մեռեալ քաղաքի մը երեւոյթը ունի՝ զինուորական անցարգելներով ու աւազապարկերով փակուած փողոցներով, ամէն դի շրջող բանակային կամ օժանդակ վարձկան զինեալներով, փակ դպրոցներով (ուր խռնուած են բազմահազար գաղթական ընտանիքներ եւ անտուն դարձած խլեակներ), ցուրտ բնակարաններով, մութ խանութներով, հոն նստող մտահոգ ու յուսալքուած վաճառորդներով ու Աստուծմէ փրկութեան յոյս աղերսող շուարուն քաղաքացիներով։ Հացի անդարմանելի մնացած տագնապին ու վառելանիւթի (մազութ, պէնզին եւ կազ) բացարձակ չգոյութեան ներկայ իրավիճակին մէջ՝ ելեկտրական հոսանքը վերածուեր էր այն միակ փրկութեան լաստին, որուն կÿապաւինէր քաղաքացին իր առօրեան կարգաւորելու համար։ Ելեկտրականութեամբ բանող կրակարաններով կը ջանար տաքցնել իր տունը, ելեկտրական փուռերով կÿեփեր իր ճաշերը, ելեկտրական հոսանքով կը տաքցնէր իր բաղնիքին ջուրը։ Հիմա այդ կարելիութիւնն ալ առնուած է իր ձեռքէն։ Իրաց այս կացութեան մէջ՝ Հալէպի փողոցներուն մէջ յաճախակիօրէն կարելի է տեսնել պատանի տղաք, որոնք մայթերու ծառերը կը կտրեն սղոցով, տաքնալու համար փայտ ապահովելու դիտումով։ Ամենէն առատ ծախուող ապրանքներու շարքին են ածուխը, կանթեղը, մոմը, ձեռնոցները, հաստ գուլպաները, բուրդէ ծածկոցները։ Ժողովուրդը կÿըսէ թէ «մեզ վերադարձուցին նախնադարեան շրջանին»։ Հացի տագնապը կը շարունակուի նոյն սաստկութեամբ՝ երրորդ շաբաթն ըլլալով։ Փուռերուն ջախջախիջ տոկոսը չի բանիր՝ վառելանիւթի եւ ալիւրի չգոյութեան պատճառով։ Կապոց մը հացը սեւ շուկայի մէջ կը ծախուի 200 սուրիական թղթոսկիի՝ երբ անոր պաշտօնական գինն էր լոկ 15 թղթոսկի։ Հայկական ճակատի վրայ՝ Նոր գիւղ հայահոծ թաղամասը, մեծ մասամբ, կը շարունակէ մնալ անբնակելի շրջան։ Այնտեղի Հայերը առհասարակ լքած են իրենց տունն ու տեղը ու փոխադրուած են աւելի ապահով վայրեր։ Թաղամասին պողոտաներուն վրայ անդադար կÿերթեւեկեն վիթխարի հրասայլեր ու կը ռմբակոծեն սահմանակից միւս թաղամասերը՝ ուր կ'ըսուի թէ (ըստ հաղորդուող բացատրութեան) «ահաբեկիչներ» ապաստանած են։