Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբը Իսրայէլի նորընտիր խորհըրդարանէն դրական ակնկալիքներ ունի:
Ըստ Armenpress.am-ի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւան յայտնած է, որ թէեւ դեռ շուտ է յստակ սպասելիքներու մասին խօսիլ, այդուհանդերձ, կարեւոր ու դրական քայլ էր, որ «Մերեց» կուսակցութիւնը‘ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացնողը, կրկնապատկեց իր ուժը Քնեսէթի մէջ:
Սեւանի խօսքով՝ միւս կուսակցութիւններու պարագային աւելի կարեւոր է, որ շարք մը անձեր եւս, որուն հետ իրենք նախապէս համագործակցած են, անցած են Քնեսէթ ու բաւական լաւ դիրքեր գրաւած: «Քնեսէթի մէջ յայտնուեցաւ գրեթէ 50 նոր անձ, որոնց մէջ հայամէտ շատ դէմքեր կան. անոնց մուտքը Քնեսէթ դրական կը գնահատենք, եկող ամիսներուն ալ պէտք է աշխատանքներ տանինք Խորհրդարանի նոր անդամներուն հետ: Պէտք է նկատի ունենանք, որ այս ընտրութիւններուն, իբրեւ արդիւնք, բաւական փոխուեցաւ իսրայէլեան քաղաքական քարտէզը»,- ըսած է ան՝ նկատելով, որ Խորհրդարանի մէջ ներկայացուածութեան մակարդակով երկրորդ տեղը զբաղեցնող կուսակցութիւնը նոր հիմնուած է: Յանձնախումբը պատրաստ է անոնց հետ եւս աշխատանքներ տանելու: