Մեքսիքօ Սիթիի կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող զբօսայգիի մը մէջ զետեղուած Ատրպէյճանի նախկին մենատէր Հայտար Ալիեւի արձանը, անցեալ օրերուն ընթացքին զբօսայգիէն վերցուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ այլ տարածք:

Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանը Յունուար 22ին կատարուած պաշտօնական յայտարարութեամբ մը վերջնականացուցած էր արձանը զբօսայգիէն վերցնելու որոշումը, որ Ատրպէյճանի եւ Մեքսիքոյի իշխանութեանց միջեւ լարուածութիւն յառաջացուցած էր:

Քաղաքապետարանը յայտարարած էր նաեւ, որ որոշուած է փոխել այլ հրապարակի մը վրայ տեղակայուած «Խոջալու»ի յուշարձանը նշող ցուցանակին եւ այդ նոյն յուշարձանին վրայ տեղ գտած գրութիւնները՝ անոնցմէ վերցնելով «ցեղասպանութիւն» բառը:

Ալիեւի արձանը անցեալ Օգոստոսին տեղադրուեցաւ՝ զարմանք յառաջացնելով քաղաքի բնակիչներուն մօտ: Արձանը տեղադրելու համար Ատրպէյճան 5 միլիոն տոլար ծախսեց նշեալ այգիներու վերանորոգման աշխատանքներուն վրայ: Մեքսիքացիները քանի մը բողոքի հաւաքներ կազմակերպեցին՝ իշխանութիւններէն պահանջելով հանել բռնապետին արձանը: Աւելի ուշ Պաքու սպառնաց խզել դիւանագիտական կապերը Մեքսիքոյի հետ եւ դիմել միջազգային դատարան:

Մեքսիքական շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձած են այս հարցին: Յունուար 20ին, Ալիեւի արձանին դիմաց մարդկային իրաւունքներու պաշտպան աւելի քան 50 ցուցարարներ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ ընդդէմ Խոջալուի յուշահամալիրին եւ Ալիեւի արձանին:

Նշենք, որ Ալիեւի արձանը պատուհաս դարձած էր Մեքսիքոյի համար. ցուցարարներու տարբեր խումբեր փողոցները դուրս բերելով:

Մեքսիքոյի նախկին քաղաքապետ Մարսելօ Էբրարդի անցեալ տարի Նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Ալիեւի յուշարձանի հետ կապուած հակասութիւնները կրնային դիւանագիտական աղմուկ բարձրացնել. «Ես այս հարցը կը դիտեմ որպէս միջազգային յարաբերութիւններու հարց» ըսած էր ան, փորձելով կանխել յուշարձանի տեղափոխման որոշումը:

Մեքսիքացի բնակիչները սակայն մի քանի առիթով բողոքի հաւաքներ կազմակերպեցին իշխանութիւններէն պահանջելով քանդել բռնապետի արձանը:

Անոնք յայտարարած էին, որ չեն փափաքիր երկրի հերոսներու արձաններու կողքին տեսնել երկրի մը բռնապետին արձանը, գիտնալով թէ այդ երկրէն ներս կոպիտ ձեւով կը խախտուին մարդոց իրաւունքները: