Microsoft-ի  միջեւ կնքուած համաձայնագրի համաձայն, ծրագրային ապահովման հսկայ ընկերութիւնը եռամսեակը մէկ ֆիննական արտադրողին  250 միլիոն տոլար կը վճարէ 

(այսպէս կոչուած «հարթակի սատարման համար վճարներու գումարներ»), իսկ Nokia-ն իր կարգին  Microsoft ընկերութեանը որոշ  գումար կը վճարէ Windows Phone-ը օգտագործելու համար: Այդ յատկացումներու չափը կախուած էր ֆիննական արտադրողի կողմէ մատակարարուած (smartphone) «խելացի հեռաձայն» սմարթֆոններու թիւէն, որը միշտ շատ աւելի պակաս է, քան Nokia-ի   Microsoft-էն ստացող գումարը՝ հարթակի սատարման դիմաց: Սակայն, ըստ երեւոյթին, հասաւ  բեկումնային պահը՝  իսկ երկու կողմերը իրենց տեղերը փո-խեցին:
Nokia-ն կը յայտնէ, որ այս պահուն ընկերութիւնը  Microsoft-էն աւելի շատ գումար ստացած է, քան ինք վճարած է  վերջինիս: Այնուամենայնիւ, արդէն յաջորդ հաշուետու ժամանակաշրջանին մէջ  ֆիննական արտադրողը ծրագրային ապահովման հսկային աւելի շատ գումար պիտի վճարէ, քան վերջինս կը յատկացնէ հարթակի սատարման համար, եւ այսպիսի  իրավիճակը հաւանաբար պիտի պահպանուի մինչեւ երկկողմանի համաձայնագրի գործունէութեան աւարտը: Այսինքն, Microsoft-ի հետ կնքուած համաձայնագիրը այլեւս  պիտի չգործէ իր օգտին:
Այնպէս եղաւ,  որ այդ պահը համընկաւ  ընկերութեան համար բեկումնային իրադարձութեան հետ, այսինքն այն պահուն, երբ Nokia-ն վերջապէս զուտ շահոյթ ստացաւ, որը արդէն մի քանի եռամսեակ է, երբ ընկերութիւնը չէր տեսած:
Այժմ, երբ  Microsoft-ի սատարումը  արդէն այնքան ալ էական չէ, Nokia -ն ամբողջովին կախուած է իր բջջային արտադրանքի յաջողութիւններէն, պաշտպանելու համար սմարթֆոններու որակը: