Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ սկսաւ Համաշխարհային տնտեսական 43րդ ֆորումը, ուր այս տարի մասնակցութիւն կը բերէ 2.5 հազար հիւր,

աշխարհի աւելի քան 100 երկիրներէ. անոնց շարքին են 50 պետութիւններու ղեկավարներ, երկրագունդի քաղաքական եւ տնտեսական վերնախաւը: Տարեկան այս հանդիպումը կÿիրագործուի ոչ այնքան խանդավառ կլիմայի մէջ, հակառակ որ բոլորը կը ձգտին հաստատել՝ համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնման նշոյլները: «Ամբաստանեալներու» դիրքին կը գտնուին դրամատուները, որոնք պատասխանատու են տնտեսական ճգնաժամի եւ այդ պատճառով յառաջացած՝ աւելի քան 200 միլիոն մարդոց գործազրկութեան: