«Սլաք» կայքէջը կը հաղորդէ թէ խումբ մը ռուս ծայրայեղ աջակողմեան երիտասարդներ (ո- րոնց սափրագլուխներ անունը կը տրուի) ժամանելով Սամարայի Կինել քաղաքը յարձակում գործած են կովկասցիներու՝ որոնց շարքին նաեւ հայերու դէմ։

Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10¬րդ Համաժողովը։

ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ յաջորդաբար երեք օրերու տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ «Ժողովավարական օրէնքներ» եւ «դիւանային աշխատանք» նիւթով սեմինար մը:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2013ին, Պոսթոնի արուարձաններէն Ուաթըրթաունի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Միջ-վարչական ժողով՝ Գանատայի, ԱՄՆ Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Շրջանային վարչութիւններու մասնակցութեամբ։

Անցնող շաբաթավերջին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի պաշտօնական բացումը, զոր կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։