Անցնող շաբաթավերջին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի պաշտօնական բացումը, զոր կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։

 Ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսացի եւ հայ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք յարանուանութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ 300-ի հասնող հիւրեր։

Այս առիթով խօսք առին Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտէն, որ բարձր գնահատեց հայերը՝ դիտել տալով, որ թէեւ անոնք երբ Ցեղասպանութենէն ետք Մարսէյ եկան շատ ջերմ ընդունելութեան չարժանացան, սակայն հետագային իրենց աշխատանքներով եւ բարի նկարագիրով ու բնաւորութեամբ սիրուեցան բոլորին կողմէ, շրջանին մէջ իրենց ներդրումը ունեցան ու դարձան տիպար քաղաքացիներ՝ միշտ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը։  

Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտէն բարձր գնահատեց հայերը, նկատել տալով թէ շրջանին մէջ անոնք իրենց ներդրումը ունեցան ու դարձան տիպար քաղաքացիներ՝ միշտ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը

Իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ բարեկամական սերտ յարաբերութիւններուն, երկու երկիրներուն միջեւ առկայ աշխոյժ գործակցութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսան երկրորդ հիմնական պետութիւնն է, որ ներդրումներ կը կատարէ Հայաստանի մէջ։

Աւարտին խօսք առաւ Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Վարդան Սիրմաքես, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, թէ այս հիւպատոսարանը յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ ջերմ կապերուն։ Անոր համաձայն, փոխադարձ համագործակցութեան բնագաւառները ընդարձակելու առումով աշխատանք պիտի տարուի, որպէսզի անոնք ներառել կրթական, բժշկական, մարզական եւ այլ մարզեր։

Աւարտին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի, ինչպէս նաեւ նորաբաց հիւպատոսարանի օրհնութիւն։

Լուսանկարները՝ ԳԷՈՐԳ Գ.ի