Թուրքիոյ կապուած մզկիթներու եւրոպական դաշնակցութիւնը՝ «Տիթիպ» (Le Ditib), 2014ի վերամուտին Սթրազպուրկի մէջ պիտի բանայ «Իսլամական աստուածաբանութեան ազատ ամպիոնը», ինչպէս նաեւ դաւանանքի երկրորդական վարժարան մը՝ Ֆրանսայի տարածքին պատրաստելու համար իր հոգեւոր առաջնորդները։

Պատասխանատուները կÿուզեն օգտուիլ ֆրանսական օրէնսդրութեան ճկունութենէն, սակայն նախագիծը ինքնին կիրքեր կը գրգռէ։
Մինչ Գերմանիոյ մէջ իսլամական աստուածաբանութիւնը նախատեսուած է՝ վկայուած շրջանաւարտներու հսկողութեամբ միա՛յն հանրային համալսարանական շրջանակներու մէջ, Ֆրանսայի օրէնսդրութիւնը բարձրագոյն ուսմանց տեսանկիւնէ աւելի դիւրափոխ ու ճկուն է, անշուշտ սեփականացած կրթօճախներու առումով։ Հետեւաբար 2014ին Սթրազպուրկի Հոթփիէր թաղամասին մէջ վերոնշեալ կեդրոնը պիտի հիմնադրուի, միշտ «Տիթիպ»ի հսկողութեամբ, որ կրօնական հարցերով թուրք պետական քարտուղարութեան կապն է Եւրոպայի մէջ։
«Այս ազատ ամպիոնին ստեղծումով կարելի պիտի ըլլայ հոգալ մեր հաւատացեալներու կարիքները, օրինակի համար՝ այր եւ կին փոխ յարաբերութիւնը։ Ներկայիս մեր ունեցած 250 մըզկիթներէն միայն 150ը Թուրքիայէն եկած իմամ ունի, մնացեալները առանց առաջնորդի կը գործեն»,- ըսած է այս կեդրոնի նախագահ Մուրատ Էրքան, որ նաեւ Ալզաս նահանգի իսլամական հարցերու շրջանային խորհուրդի փոխնախագահն է։ Ան աւելցուցած է, թէ երկրորդական վարժարանը մասնակիցներուն առիթ պիտի տայ՝ իսլամ կրօնքին հիմքը հանդիսացող արաբերէն լեզուին բաւականաչափ տիրապետելու, ապագային ամպիոնէն ներս ներգրաւուելու համար։ Ընկերաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ալ պիտի դասաւանդուի:
Այս աշխատանքը արդիւնք է թուրք եւ ֆրանսական կառավարութեանց միջեւ 2010ին ստորագրուած համաձայնագրին, որու նպատակն էր պատրաստել ֆրանսերէնին տիրապետող ֆրանսախօս իմամներ, իսկ ծրագիրը կը հովանաւորէ Սթրազպուրկի քաղաքապետը։ Գնուած հինգ շէնքերէն առաջինին մէջ շինարարութիւնը ընթացքի մէջ է, իսկ մինչ այդ շուրջ 30 ուսանողներ (15 մանչ եւ 15 աղջիկ) Լիոնի, Նանթի եւ այլ շրջաններուն մէջ կը հետեւին արաբերէնի դասընթացքներու, միշտ «Տիթիպ»ի շրջանակին մէջ։
Իրենց լայնախոհութիւնը եւ «բացուելու» քաղաքականութիւնը փաստելու համար պատասխանատուները կը վստահեցնեն, թէ բացի Քուրանի մեկնաբանութենէն ուսանողները պիտի սորվին նաեւ փիլիսոփայութիւն, ընկերաբանութիւն եւ կրօններու պատմութիւն (կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրօնական պատասխանատուներու միջոցով), եւ թէ երկրորդական վարժարաններու մէջ շաբաթական 4էն 6 ժամ կրօնական դասաւանդութիւնը պիտի յարգուի։
15 միլիոն եւրօ արժող այս ծը-րագիրը ամբողջութեամբ կը գանձատրուի Թուրքիոյ կողմէ։ Այս ուղղութեամբ թուրք քաղաքագէտ եւ պատմաբան Սամիմ Աքկէօնիւլ վերջերս «Մոնտ» թերթին յայտնած է, թէ հարցը ո՛չ թէ Ֆրանսայի մէջ թրքական հաստատութիւն մը հիմնելն է, քանի որ ինչպէս աշխարհի բոլոր ծայրերը Թուրքիոյ մէջ ալ ֆրանսական դպրոցներ գոյութիւն ունին, սակայն խնդիր կը յառաջանայ այն ատեն, երբ նմանօրինակ հաստատութիւնները սկսին վե- րածուիլ գործիքներու՝ կանխելու համար բազմապատկանելիութեան (pluri-appartenance) զգացումը, ինչ որ կրնայ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ արգելքի պատ մը գոյացնել։ Ան աւելցուցած է, ըսելով որ լաւ պիտի ըլլար ծրագրին նիւթականը ապահովել անկախ աղբիւրներէ։ Ի պատասխան ամպիոնի ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ իրենք ստիպուած դիմած են Թուրքիոյ նիւթական օժանդակութեան, քանի որ քաղաքապետարանը մերժած է որեւէ սանթիմ վճարել։

Պատասխանատուները
լաւատես են…

Ամպիոնի հաստատման նախագըծի պատասխանատուները լիայոյս են որ «չափաւոր իսլամ» պիտի դասաւանդուի եւ ֆրանսերէն լեզուն դասընթացքներուն մէջ տիրապետող պիտի ըլլայ։ Անոնք յիշեցուցած են, թէ նման հիմնարկներ ունին նաեւ այլ կրօնները, ինչպէս «հրէական եշիվօ»ն (yeshivot juives)…։