Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, որ Վրաստանը  միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ծիրին մէջ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի

ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ 18 Սեպտեմբեր 2011-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած «անօրինական տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները» չի ճանչնար: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Վրաստան կ՛ողջունէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերը եւ կը կարծէ, որ երկխօսութեան շարունակութիւնը այլընտրանք չունի: