Սեպտեմբեր 27, 28 եւ  29ին եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ կայցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 28ին, Փարիզի Օլիմփիա համերգասրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ Շարլ Ազնաւուրի համերգը, որ նուիրուած է

Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձին։ Այս համերգին, ըստ ամենայն հաւանականութեան, ներկայ պիտի գտնուի Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, ինչպէս եւ նախարարներ, բազմաթիւ երեսփոխաններ, եւայլն։
Նախագահ Սարգսեան, Սեպտեմբեր 29ին, նախքան իր մեկնումը Վարշաւա, ուր վեհաժողովի մը պիտի մասնակցի, հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։