Գիւղատնտեսութեան փոխ նախարար Սամվէլ Գալստեանը, յայտնած է թէ այս պահուն՝ նախագահի հրամանով, արդէն կÿիրականացուին 10է աւելի հողատարածքներու ստուգումներ։ Արդիւնքները կը սպասուին:
Հայաստանի գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու 1/3-ը անմշակ է. այս պատկերը պարզած է անկախ փորձագիտական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքը։ 450 հազար հա վարելահող ունինք, որու 67%-ը կը մշակուի։
Տուեալ բնագաւառի պատասխանատու նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ կառավարութեան կողմէ գիւղական ոլորտի վերաբերող ծրագրերը ուղղուած են հողային աղբիւրներու արդիւնաւէտ օգտագործման՝ ցած իջած են վարկերու տոկոսադրոյքները, աւելցած արժէքի հարկերէն ազատած են պարարտանիւթի, գիւղական արհեստագիտութիւն ներկրողները, եւ հետզհետէ դրական արդիւնքներ կը սպասուին։
Կառավարութեան կողմէ պարզուած իրավիճակի կապակցութեամբ տեսակէտ յայտնած է ՀՅԴ Ազգային Ժողովի խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը, որ դիտել տուած է թէ՝ «անընդհատ թմբկահարւում է, որ բարձրակարգ սերմացու է բերուել. դա շատ լաւ է, բայց 1000 թոնն սերմացուն բաւարար է միայն 5000 հա-ի համար, մինչդեռ Հայաստանում միայն վարելահողերը 450 հազար հա են, որից 161 հազարը էսօր փաստացի չի մշակւում»։ Ըստ Արծուիկ Մինասեանի խօսքերուն՝ ծրագիրները թերի են, եւ անկախ անոնց քանակէն, դժբախտաբար չէ թեթեւցած գիւղացիի հոգը։
«Ջուրի վարձքը ահաւոր թանկ ա, բուժանիւթը՝ թանկ, պարարտանիւթը՝ թանկ, տրակտոր չկայ, հողը երկար անմշակ մնալուց կորցրել ա բեր- րութիւնը։ Վայրենանում ա հողը՝ մոլախոտեր են աճում, նոր տիպի, ուրիշ մոլախոտեր։ Պիտի տարեկան գոնէ չորս անգամ վարենք, մի անգամ էլ չենք կարողանում»,- նկատել կուտան Տափերական գիւղի ծերունիները։ Անոնցմէ ոմանք հրաժարած են իրենց հողակտորներէն։
Ըստ Մինասեանի՝ շուրջ 10 տարի գիւղացիներէն հարկեր պէտք չէ գանձել. նոյն պահուն պէտք է վերանայիլ ոռոգման, պարարտացման, բուժման մասին օրէնքները, եւ գիւղերուն մէջ ամբողջութեամբ պետական աջակցութեամբ ծրագրեր պէտք է իրականացնել:
Տուեալներուն համաձայն՝ կան հարիւրաւոր հա մշակովի հողատարածքներ, որ չեն պատկանիր գիւղացիներուն, այլ անհատ ձեռներէցներուն են։ Մինասեանը դիտել կուտայ թէ «Հողային օրէ-նըսգրքի 102 յօդուածի համաձայն, եթէ նպատակային նշանակութեան համապատասխան չի օգտագործւում հողատարածքը, կառավարութիւնն ու տեղական ինքնակառավարման մարմինները իրաւունք ունին դատական կարգով դադարեցնելու սեփականութեան իրաւունքը»։