ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հոկտեմբեր 28էն ի վեր, Հայաստան կը գտնուէին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող ասորիական համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնք շարք մը հանդիպումներ ունեցած են ո՛չ միայն Հայաստանի ղեկավար մարմիններուն, այլեւ հայաստանաբնակ ասորական համայնքին հետ:
Նշենք, որ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բռնութեան ենթարկուած քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ եղած են նաեւ ասորիները, որոնց զանգուածային կոտորածի պատմական փաստը նոյնպէս կը հերքուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։ Ասորիներու կոտորածը՝ իբրեւ Ցեղասպանութիւն, աշխարհի մէջ ճանչցած է միայն Շուէտը:
«Նրանք, բնականաբար, կիսելով մեր վիշտը՝ կիսում են նաեւ պայքարը մեզ հետ, եւ մենք պէտք է համատեղ ջանքերով պայքարենք մեր պատմական իրաւունքների վերականգնման համար: Բարեբախտաբար այս ներկայութիւնը հնարաւորութիւն է տալիս ստեղծելու համատեղ պայքարի մարտավարութիւն», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
Հայաստան ժամանած տարբեր երկիրներու ասորիական համայնքներու պատուիրակութիւններուն մէջ կը գտնուին նաեւ Շուէտի ներկայացուցիչները։ «Այս այցը նոր էջ կը բանայ մեր երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն գծով: Ես եւ իմ համախոհները խօսք տուած ենք՝ պիտի պայքարինք այնքան ատեն, մինչեւ որ ճանչցուի ցեղասպանութիւնը: Թոյլ պիտի չտանք, որ Թուրքիան մօտենայ ԵՄի դռներուն», իր կարգին նշեց պատուիրակութեան անդամ Իպրահիմ Աֆրամը՝ Շուէտէն:
Երիտթուրքերու ոճրագործութեան հետեւանքով, ասորիները սփռուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ չեն ունեցած յատուկ կեդրոն մը, որ պիտի համակարգէր ասորիական համայնքներուն աշխատանքները:
Պելճիքայէն, Աւստրալիայէն, Սուրիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Լաթվիայէն ասորիական համայնքներու ղեկավարներուն Հայաստան կատարած այցի նպատակներէն մէկը եղած է կեդրոն ունենալու խնդիրը, եւ իբրեւ արդիւնք, համայնքներու ղեկավարները համաձայնագիր ստորագրած են՝ Հայաստանի մէջ համա-ասորական կեդրոն հիմնելու մասին: Կեդրոնը պիտի զբաղի ասորիներու կրթութեան, մշակոյթին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերով: «Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ մեզի հազիւ թէ հասկնան այնպէս, ինչպէս Հայաստանի մէջ: Եկած եմ այն եզրայանգման, որ անհնար է ուսումնասիրել ողբերգական այս իրադարձութիւնները՝ առանձնացնելով մեր ժողովուդին եւ հայերուն, շատ անգամ նաեւ յոյներուն հետ պատահած ողբերգական էջերը», ըսաւ Եոզէֆ Զայեան՝ Ռուսիայէն: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ այսօր կ՛ապրի հինգ-վեց հազար ասորի: