Չինաստանէն նուիրուած 249 հանրակառքերէն 80ը Երեւան հասան եւ աստիճանաբար գործի կ'անցնին:
Քաղաքային իշխանութիւնները կը նախատեսեն մինչեւ տարեվերջ հանրակառքերէն 25ը կահաւորել այնպէս, որ դիւրին ըլլայ հաշմանդամներու անիւասայլակներու մուտքը:
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ շարուած ինքնաշարժներու առաջին ուղեւորներն էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Երեւանի քաղաքապետը: