ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատթքի, ԵԱՀԿի 20ամեակին առթիւ «Ազատութիւն» կայանի եւրոպական ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին ամփոփած է Մինսկի խումբի գործունէութիւնը՝

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին առնչութեամբ՝ ըսելով, որ կողմերը իրենց կարծածէն աւելի մօտ են հակամարտութեան կարգաւորման:
Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը դարձեալ կրկնած է, որ «սթաթուս քուօ»ն անընդունելի է եւ պէտք է խնդիրին լուծումը գտնել: «Մենք պէտք է յառաջընթաց ունենանք այս հարցին առնչութեամբ: Մենք չենք կրանր ետ նայիլ եւ տեսնել, որ ունինք նոյն իրավիճակը, զոր ունէինք 20 տարի առաջ: Վստահութեան պակասը կը դժուարացնէ այդ բոլորը տեսնելու գործը: Կողմերը պէտք է հասկնան, որ չեն կրնար հասնիլ խաղաղութեան, եթէ բան չտան եւ չստանան»: