Կիպրոս Պատրաստ Է Սատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման

Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար տիկին Էրաթօ Քոզաքու-Մարքուլիս: Կիպրոսի նախարարուհիի պատուիրակութեան մաս կը կազմէ  Յունաստանի եւ Կիպրոսի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը:


Տիկին նախարարուհին երէկ կէսօրին ընդունուեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որ ողջունելով հիւրը՝ կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ պարբերական դարձած տարբեր մակարդակի փոխ այցելութիւնները: Հանրապետութեան ղեկավարը հաճոյքով յիշեց  անցեալ տարի Կիպրոս կատարած իր պետական այցելութիւնը եւ նախագահ Խրիսթոֆիասի հետ բովանդակալից քննարկումները: «Կիպրոսը դիտում ենք որպէս բարեկամ պետութիւն, կիպրացիներին՝ որպէս մեր եղբայր: Եւ  դա պատմականօրէն ձեւաւորուած մօտեցում է, որի վրայ էլ այսօր մենք խորացնում ենք մեր երկկողմ յարաբերութիւնները: Հայաստանը խորապէս շահագրգռուած է այդ յարաբերութիւններն օր-օրի ամրապնդել: Ոչ միայն անցեալում, այլ նաեւ ներկայում մենք ունենք բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ եւ մեծ աշխատանք: Մենք պատրաստ ենք այդ աշխատանքն իրականացնելու»,-ըսաւ  Սերժ Սարգսեանը:
Հանրապետութեան ղեկավարը  եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեցին, որ հայ-կիպրական բարեկամութիւնը խարսխուած է  շատ ընդհանրութիւններ ունեցող  երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ. «Այս իմ առաջին այցն է Հայաստան,եւ ես շատ տպաւորուած եմ: Այս ընթացքով ունեցած հանդիպումներէն բացի, այցելած  եմ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու           յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր: Շատ յուզուած եմ այն ամէնով, ինչ տեսայ եւ լսեցի: Մեր երկու ժողովուրդներն ալ պատմութեան ընթացքին անցած  են մեծ ողբերգութիւններու ու փորձութիւններու միջով»,-ըսաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու-Մարքուլիս՝ ընդգծելով, որ պէտք է ամէն ինչ ըլլայ, որպէսզի հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած այդ յանցագործութիւնն ստանայ միջազգային  ճանաչում:
Հանրապետութեան ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն՝ կիպրահայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ  եւ հոգատար վերաբերմունքին  համար:

Հայաստանի եւ Կիպրոսի
արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը

Ողջունելով հիւրին նախարար Նալբանդեան ըսաւ, որ Հայաստանը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կուտայ բարեկամական Կիպրոսի հետ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման ու զարգացման եւ այս այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն է՝ ի մի բելերու ձեռքբերումները, մշակելու նոր նախագիծեր եւ ծրագրեր:
«Դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատումից ի վեր Հայաստանի եւ Կիպրոսի համագործակցութիւնը վերելք է ապրել, ինչը նշանաւորուել է նաեւ երկու երկիրների ղեկավարների պետական փոխ այցելութիւններով», աւելցուց նախարար Նալբանդեանը:
Հայաստանի եւ Կիպրոսի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները բովանդակալից  քննարկում ունեցան երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ընդլայնման ուղիներու, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի խնդիրներու շուրջ:
Նախարարները երկուստեք կարեւոր  նկատեցին կիպրահայ համայնքի նշանակալի աւանդն ու ներդրումը միջպետական համագործակցու- թեան ամրապնդման գործին մէջ:
Այս տարուայ երկրորդ կէսին ԵՄ-ի մէջ կիպրական նախագահութեան ծիրէն ներս  հանգամանալից անդրադարձ եղաւ Հայաստան ¬ ԵՄ համագործակցութեան ու այդ ձեւաչափով իրականացուող ծրագրերուն, գոհունակութեամբ նշուեցաւ Եւրոպական ընտանիքի հետ մերձեցման               գործընթացով Հայաստանի արձանագրուած առաջընթացը:
Տարածաշրջանային հարցերու քննարկման ժամանակ, նախարարները միտքեր փոխանակեցին կիպրական հիմնախնդրի հանգուցալուծման գործընթացի վերաբերեալ:
«Հայաստանն իսկապէս մտահոգուած է Կիպրոսի խնդրի կարգաւորմամբ: Հայաստանը երբեք չի ընդունել եւ չի ընդունի եղբայրական Կիպրոսը մասնատելու փորձերը:
Կիպրոսի խնդիրը պէտք է գտնի իր արդարացի եւ իրաւական լուծումը», ընդգծեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Նախարար Նալբանդեան իր կիպրացի գործընկերոջը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Այս առնչութեամբ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ իր երկիրը կը սատարէ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ  խնդրի խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով եւ միջազգային իրաւունքի հիմամբ  լուծման:
Հանդիպումէն ետք նախարարները ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Եւրոպական Միութեան վերաբերեալ հարցերուն մէջ համագործակցութեան մասին Փոխըմբռնման յուշագիրը, ապա հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով: