Եւրանեսթի Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական հարցերով կոմիտեի հերթական հաշուետուութեան մէջ պիտի ուսումնասիրուին տարածաշրջանային անվտանգութեան հետ կապուած հարցերը, Պաքուի մէջ կայացած նիստի արդիւնքներուն մասին խօսելով ըսաւ Եւրանեսթի ԽՎ համանախագահ Քրիստիան Վիգենինը:


«Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ միասին պիտի ուսումնասիրուին նաեւ Մերձդնեստրի (Մոլտովա) եւ վրացական հակամարտութիւնները: Որպէս Խորհրդարանական վեհաժողով` մենք կը ձգտինք կողմերու միջեւ վստահութեան ձեւաւորման», ըսած է ան:
Վիգենին ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը արդէն 20 տարի է որ կը զբաղի ԼՂ խնդրի կարգաւորմամբ, եւ ըստ իր խօսքերուն, հակամարտութիւնը պիտի չլուծուի՝ 20 տարի եւս:
«Ատրպէյճան եւ Հայաստան պէտք է օգնեն Մինսկի խումբին հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ»,-  ըսած է ան, ընդգծելով, որ Եւրանեսթը լիազօրուած չէ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման որոշումներ կայացնելու հարցին մէջ: Վիգենին դիտել տուած է, որ Պաքուի նիստին մէջ ընդհանուր պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած է հակամարտութիւններու հետ կապուած խորհուրդներու եւ առաջարկներու պատրաստման հարցով:
«Մենք նաեւ պիտի մշակենք այդ խորհուրդներու կատարման գնահատականներու  ձեւ մը, որպէսզի որոշենք, թէ  ինչպէս իւրաքանչիւր խորհրդարան կը կատարէ Եւրանեսթի որոշումները», - ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ նիստին մասնակցեցան  ԵՄ-ի 60 հոգինոց՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ ազգային պատուիրակութիւնները` իւրաքանչիւրը 10 պատգամաւորով: