
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մարտունի քաղաքի Երեւանեան փողոցին մէջ փակցուած ՀՅԴ քարոզչական պաստառները պատռուած են:
Ըստ «Մարտունի Ինֆօ»ի, յստակ է, որ կատարուածը մանուկներու կողմէ եղած արարք չէ, որովհետեւ կիսով պատռուած պաստառներուն վրայ նկատելի է այն, որ պատռողներուն նպատակն էր կուսակցութեան անունն ու զինանշանը անհետացնել։
Բայց եւ այնպէս ոստիկանութեան Մարտունիի գրասենեակը ոչ մէկ ձեւով արձագանգած է օրէնքը խախտող այս արարքին: