«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ թէ Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի տեղական մարմնոյ ամենամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթը, որը այս տարի նուիրուած էր «Հայաստան» հիմնադրամի 20-ամեայ յոբելեանին:
Երեկոյի բանախօսն էր Վահէ Ճազմադարեանը, որ այս 20 տարիներու ընթացքին հանդէս եկաւ որպէս կառոյցի վերստուգիչ յանձնաժողովի նախագահ:
Միջոցառման հանդիսավար Թենի Նիկողոսեանը հիւրերուն տեղեկացուց, որ հաւաքագրուած գումարներով երկու համայնքային կեդրոն (Կեանքի կեդրոն) կը կառուցուի Արցախի մէջ:
Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց Հիմնադրամի դերը Հայաստանի ու Արցախի կայացման գործին մէջ, մասնաւորապէս անդրադառնալով նաեւ Թորոնթոյի տեղական մարմնոյ ձեռնարկներուն:
Թորոնթոյի տեղական մարմնոյ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը ներկայացուց վերջին 12 ամիսներու ընթացքին գանատահայերու նուիրատուութիւններով իրականացած ծրագրերը. Շուշիի կրթամշակութային կեդրոնի, Երեւանի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցի նեֆրոլոգիայի եւ դիալիզի բաժանմունքի եւ Նորքի ծերանոցի հիմնանորոգում, ինչպէս նաեւ 400 արցախցի աշակերտներուն դպրոցական հա- մազգեստներու, իսկ Շոշ գիւղի դպրոցին միկրոավտոբուսի տրամադրում:
Միջոցառման աւարտին նուիրաբերուեցաւ 135.000 ԱՄՆ տոլար, որուն գումարւեցաւ նաեւ մէկ նպատակային նուիրատուութիւն՝ 180.000 ԱՄՆ տոլարի չափով: Երեկոյէն հաւաքուած 315.000 ԱՄՆ տոլարով Թորոնթոյի տեղական մարմինը երկու համայնքային կեդրոն (Կեանքի կեդրոն) կը կառուցէ Արցախի մէջ, մէկը Դրախտիկի մէջ, միւսը՝ մէկ այլ սահմանամերձ գիւղի մէջ: